Աշխարհի մէջ «Քորոնա»-էն ապաքինածներուն թիւը շրջանցեց 5 միլիոնը: Աշխարհի մէջ «Քորոնա»-էն ապաքինածներուն թիւը շրջանցեց 5 միլիոնը: 

Աշխարհի մէջ «Քորոնա»-էն ապաքինածներուն թիւը շրջանցեց 5 միլիոնը:

Նշուեցաւ, որ «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր թիւով առաջին դիրքի վրայ են Միացեալ Նահանգները, ուր կայ 2 միլիոն 424 հազար 857 հաստատուած պարագայ, 123 հազար 484 մահ:

Աշխարհին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը շրջանցեց 9 միլիոն 388 հազարը: «Քորոնա»-ի հետազօտական կեդրոններու տուեալներուն համաձայն, մահացածներուն թիւը անցած է 480 հազարը, ապաքինած է աւելի քան 5 միլիոն 76 հազար անձ:

Նշուեցաւ, որ «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր թիւով առաջին դիրքի վրայ են Միացեալ Նահանգները, ուր կայ 2 միլիոն 424 հազար 857 հաստատուած պարագայ, 123 հազար 484 մահ: Թէ՛ ընդհանուր ցուցանիշով, թէ ալ մահերու թիւով երկրորդ դիրքի վրայ է Պրազիլը, ուր հաստատուած դէպքերը հասան 1 միլիոն 152 հազար 66-ի, մահերունը` 52 հազար 788-ի: Վարակուածներուն թիւով երրորդ դիրքի վրայ է Ռուսիան` 606 հազար 881 վարակակիրով:

Արաբական երկիրներէն վարակուածներու թիւով առաջին դիրքի վրայ է Սէուտական Արաբիան, ուր 167 հազար 267 հաստատուած դէպք կայ: Վարակի ծագման երկիր Չինաստանին շրջանցած է Քաթարը, ուր հաստատուած դէպքերուն թիւը կը կազմէ 90 հազար 778, մահերունը` 104: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները շրջանցած են Եգիպտոսը, ուր առկայ է 58 հազար 141 հաստատուած դէպք, վարակի իբրեւ հետեւանք մահացած է 2 հազար 365 անձ:  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ կայ 45 հազար 683 վարակակիր,  305 մահ: Քուէյթի մէջ թիւը հասած է 41 հազար 879-ի, մահացածներունը` 337-ի, Իրաքի մէջ` 34 հազար 502 վարակուած, 1251 մահ, Սուրիոյ մէջ` 231 վարակուած, 7 մահ:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն` վարակ արձանագրած երկիրներուն եւ տարածքներուն թիւը անցած է 212-ը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2020, 08:00