Խաչի լուսանկար Խաչի լուսանկար 

Փաքիստանի մէջ յայտնաբերուած է աւելի քան 3 թոն կշիռք ունեցող մարմարէ հսկայ խաչ մը։

Ըստ գիտնականներոնւ խաչը վերագրուած է 800 թուականներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փաքիստանի Պալթիսթան մարզի լեռներու վրայ յայտնաբերուած է աւելի քան 3 թոն կշիռք ունեցող մարմարէ խաչ մը եւ ըստ գիտնականներոնւ խաչը վերագրուած է  800 թուականներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Պալթիսթանի համալսարանէն կազմուած խումբ մը ընկերակցութեամբ Սքարտու քաղաքի մի քանի բնակիչներուն ու գիտնականներուն  այցելած են խաչի յայտնաբերման վայրը։

Գիտնականներու հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, խաչը ունի 7 մեթր երկայնութիւն եւ տարածաշրջանին մէջ յայտնաբերուած ամենէն մեծ խաչերէն մին է ու կը նկատոիւ առաջին սուրբ խաչի մը վկայութիւնը «կարծես թէ Քարաքարումի լեռնային շղթաներէն ուղղակի երկինքէն իջած խաչ մըն է  » նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փաքիտանի քարիթասի գործադիր տնօրէնը  պատմաբանները հրաւիրեց  խաչին պատմականը ուսումնասիրելու նշելով, որ Սքարտույի մէջ խաչի յայտնաբերումը ապացոյց է, թէ  տարածաշրջանին մէջ կային քրիստոնեայ հասարակութիւններ եւ  հոն պէտք է որ եկեղեցի եւ քրիստոնեաներուն բնակարաններ գտնուին, Հակառակ, որ ցարդ շրջանին մէջ քրիստոնեաներ չկան։

Պալթիսթանի համալսարանը այժմ աշխատանք կը տանի կապ հաստատելու եւրոպական եւ ամերիկեան համալսարարններու հետ ՝ճշդելու համար Քավարտոյին խաչի թուականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2020, 08:29