Առողջապահության համաշխարհային կազմակերպութիւն Առողջապահության համաշխարհային կազմակերպութիւն 

Մեծագոյն սպառնալիքը ոչ թէ ժահրն է, այլ համաշխարհային համերաշխութեան պակասը․ ԱՀԿ

ԱՀԿ նկատել կու տայ, որ մինչ առաջին մէկ միլիոն վարակումները երեք ամիսներու ընթացքին արձանագրուած են, վերջին միլիոնը արձանագրուած է միայն 8 օրերու ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Առողջապահության համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) յայտարարեց, թէ մտահոգ է «Քորոնա» ժահրի տարածման աճով՝ նշելով, որ 21 Յունիսին աշխարհի տարածքին վարակումներու թիւի նոր մրցանիշ հաստատուեցաւ՝ 183,000 անձերու վարակման պարագաներով։

Կազմակերպութիւնը նկատել կու տայ, որ մինչ առաջին մէկ միլիոն վարակումները երեք ամիսներու ընթացքին արձանագրուած են, վերջին միլիոնը արձանագրուած է միայն 8 օրերու ընթացքին։

«Գիտենք, որ համաճարակը միայն առողջապահական ճգնաժամ չէ, անիկա նաեւ տնտեսական եւ ընկերային, իսկ շատ մը երկիրներու մէջ նաեւ նաեւ քաղաքական ճգնաժամ է; Այժմ մեծագոյն սպառնալիքը ոչ թէ ժահրն է, այլ համաշխարհային համերաշխութեան պակասը», յայտարարեց կազմակերպութիւնը:

Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 16 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 18 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 2571 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 85,942 վարակումներ եւ 3137 մահեր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 960,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։

Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 185,000ի եւ արձանագրուած են 5565 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 2․39 միլիոն եւ 122,705 են։

Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու եւ մահերու ամէնէն բարձր թիւերը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակուած են 1.1 միլիոն անձեր, որոնց 51,407ը մահացած են։

Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 9.2 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեան 475,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 5 միլիոն վարակուածներ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2020, 08:28