Ցոյցեր Ամերիկեան 75 քաղաքներու մէջ Ցոյցեր Ամերիկեան 75 քաղաքներու մէջ 

Ցոյցեր Ամերիկեան 75 քաղաքներու մէջ. Սպիտակ Տան առջեւ բախումներ` ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշ ժամանակ գետնի տակ գտնուող թաքստոց փոխադրուած է, երբ ցուցարարները մօտեցած են Սպիտակ տան:

Սպիտակ տան առջեւ ամերիկեան ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, երբ վերջիններս Սպիտակ տան մօտ կրակ վառած են: Ցուցարարները հրկիզած են ամերիկեան դրօշը:

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշ ժամանակ գետնի տակ գտնուող թաքստոց փոխադրուած է, երբ ցուցարարները մօտեցած են Սպիտակ տան:

Սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի` ոստիկանի մը կողմէ սպանութեան դէմ բողոքի ցոյցերը ներառեցին Միացեալ Նահանգներու տարածքին 75 քաղաքներ, ներառեալ Մինիափոլիսը, Նիւ Եորքը եւ Լոս Անճելըսը, ուր ձերբակալուեցան շուրջ 400 անձեր:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին բողոքի ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուած են 4100 անձեր:

Արիզոնա եւ Վըրճինիա նահանգներուն մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուեցաւ:

Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով ամերիկեան լրատուամիջոցները ամբաստանեց որեւէ օտար երկրէ աւելի ապակողմնորոշող լուրեր հրապարակելու յանցանքով:

Ան հրապարակեց նաեւ այլ գրառում մը, որուն մէջ կը սպառնայ զինուորական ուժ կիրարկել, եթէ նահանգապետները իրենց աշխատանքին մէջ աւելի խիստ չըլլան:

Ան նշեց, որ իր կառավարութիւնը ֆաշականութեան դէմ եղող ԱՆԹԻՖԱ խմբաւորումը ահաբեկչական կազմակերպութիւն կ՛որակէ:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար Ուիլիըմ Պար յայտնեց, որ խաղաղ ու արդար բողոքի ձայները խեղդուած են ծայրայեղական տարրերու կողմէ` նշելով, որ ապահովական դաշնակցային մարմիններուն ցուցմունք պիտի տրուի ձերբակալելու գրգռիչները եւ զանոնք ամբաստանելու դաշնակցային օրէնքը խախտելու յանցանքով:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին դեմոկրատական թեկնածու, նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն ցուցարարներուն կոչ ուղղեց բռնարարքներ չգործելու:

Ան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ոստիկանութեան վայրագ արարքներուն դէմ ցոյցերը իրաւացի եւ կարեւոր են` աւելցնելով, որ հրկիզումն ու քանդումը անօգուտ են:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` իր ժողովուրդին դէմ «բռնութիւնը դադրեցնելու»:

Ան իր խօսքը ամերիկացի ժողովուրդին ուղղելով ըսաւ. «Աշխարհը լսեց ձեր անիրաւուածութեան ձայնը եւ ձեր կողքին կը կանգնի»: Ապա իր խօսքը ամերիկացի պաշտօնատարներուն ու ոստիկանութեան ուղղելով աւելցուց. «Դադրեցուցէ՛ք ձեր ժողովուրդին դէմ բռնութիւնը եւ թոյլ տուէք, որ շունչ առնեն»:

Միւս կողմէ, Մուսաւի յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ բանտարկուած գիտնական Սիրուս Ասղարին քանի մը օրէն պիտի վերադառնայ Իսլամական հանրապետութիւն»:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2020, 09:28