Ցուցարարներէն առնուած լուսանկար Ցուցարարներէն առնուած լուսանկար 

Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Բրիտանիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ ցոյցեր` «Սեւամորթներուն կեանքը կարեւոր է» կարգախօսով։

Նոր Զելանտայի Օքլընտ եւ Ուելինկթըն քաղաքներուն փողոցները եւս ականատես դարձան հազարաւորներու մասնակցութեամբ նոյն կարգախօսով ցոյցերու:

Ամերիկացի-ափրիկեցի Ճորճ Ֆլոյտի եւ Ռիչըրտ Պրուքսի ամերիկեան ոստիկանութեան կողմէ սպանութենէն ետք, եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ սեւամորթներու նկատմամբ ցեղապաշտական մօտեցումներուն դէմ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին` Միացեալ Նահանգներու մէջ ցոյցերուն զուգահեռ:

Գերմանիոյ մէջ ձախակողմեան եւ ֆաշականութեան դէմ եղող տարբեր շարժումներու անդամ 150 ցուցարարներ Պերլինի մէջ մասնակցեցան «Սեւամորթներու կեանքը կարեւոր է» կարգախօսով ցոյցի մը` բարձրացնելով ոստիկանութեան բռնարարքները դատապարտող, ոստիկանութեան վայրագութիւնն ու ցեղային խտրականութիւնը դատապարտող պաստառներ:

Ցոյցին մասնակիցները պահանջեցին յարգել բոլորը եւ արդարութիւն կիրարկել բոլորին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ցեղապաշտութենէն հրաժարիլ:

Նոր Զելանտայի Օքլընտ եւ Ուելինկթըն քաղաքներուն փողոցները եւս ականատես դարձան հազարաւորներու մասնակցութեամբ նոյն կարգախօսով ցոյցերու:

Բրիտանիոյ մէջ ոստիկանութիւնը Լոնտոնի մէջ բուռն ցոյցերու ընթացքին ձերբակալեց աւելի քան հարիւր ցուցարարներ:

Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ աւելի քան տասը հազար ցուցարարներ մասնակցեցան քայլարշաւի մը, որուն ընթացքին ձախակողմեան ցուցարարներու փոքր խումբ մը քարկոծեց ոստիկանութիւնը:

Ցուցարարները կը բացագանչէին «Սեւամորթներուն կեանքը կարեւոր է», «Չկայ արդարութիւն…չկայ խաղաղութիւն» եւ «Տուէք անոր անունը` Ճորճ Ֆլոյտ»:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2020, 07:20