Հայաստանի օդանաւային ընկերութիւն Հայաստանի օդանաւային ընկերութիւն 

Հայաստանի օդանաւային ընկերութիւնները՝ Եւրոպական Միութեան «Սեւ ցանկ»ին վրայ

Որոշումը տրուած է Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորութեան եւ վեց հայկական փոխադրողներու հետ տեղի ունեցած լսումներէն ետք։

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 2 Յունիսին, Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինը` Եւրոպայի յանձնաժողովը հրապարակեց օդանաւային ընկերութիւններու եւ այս բնագաւառին թարմացուած «Սեւ ցանկ»ը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Հայաստանը` իր բոլոր օդանաւային փոխադրող ընկերութիւններով։ Այսպիսով, այդ ընկերութիւններուն կ՛արգիլուի թռիչք կատարել Եւրոպական Միութեան տարածքին վրայ, որովհետեւ անոնք չեն համապատասխաներ անվտանգութեան միջազգային չափանիշներուն:

Կացութիւնը այդպէս պիտի մնայ, մինչեւ անվտանգութեան հնարաւորութիւններու նոր գնահատման կատարումը: Այս որոշումը տրուած է Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորութեան եւ վեց հայկական փոխադրողներու հետ տեղի ունեցած լսումներէն ետք։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2020, 08:00