Լիբանանի մէջ դիմակներ կրած երիտասարդներ Լիբանանի մէջ դիմակներ կրած երիտասարդներ 

Լիբանան .կառավարութիւնը ընդհանուր զօրաշարժը երկարաձգեց մինչեւ 5 յուլիս։

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ շեշտեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է երկրին մէջ որդեգրուած ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը չորս շաբաթով, այսինքն` մինչեւ 5 յուլիս երկարաձգելու յանձնարարութիւնը, զոր ստացած էր Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդէն:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն մէջ խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստեր գումարելու արտակարգ փուլի մը, որուն տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 8 յունիս 2020-19 հոկտեմբեր 2020:

Նախագահ Աուն կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ այլեւս անընդունելի է լուռ մնալ ի տես տեղեկատուութեան մարզին ընդմէջէն հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին դէմ հնչող անհիմն ամբաստանութիւններուն:

Ան կոչ ուղղեց նախարարներուն` զօրակցելու իրենց եւ պատասխանելու` բացատրելով իրականութիւնները եւ բացայայտելով ճշմարտութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկրին գործադիր իշխանութիւնը կը փորձէ լուծել երկրին վրայ ազդող տարիներու մսխումի եւ լքուած իրավիճակի կուտակումներուն ունեցած հետեւանքները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ տարիներու այդ մսխումներուն եւ լքուածութեան պատասխանատուն կառավարութիւնը չէ:

«Սահմանադրական իմ բոլոր իրաւասութիւններս կը գործադրեմ եւ կը յարգեմ բոլորին իրաւասութիւնները, ի մասնաւորի` կառավարութեան եւ վարչապետին», շեշտեց նախագահ Աուն:

Իր կարգին, վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր կազմութեան առաջին իսկ օրէն ամբաստանութիւններու թիրախ դարձաւ եւ տակաւին չգործած դատուեցաւ ու վճիռ ստացաւ:

«Դժբախտաբար կառավարութիւնը ենթարկուեցաւ քաղաքական թիրախահարումի, հակառակ այն իրողութեան որ առաջին իսկ օրէն յայտնեցինք, թէ մենք չենք փափաքիր քաղաքականութեան մէջ խորասուզուիլ, այլ եկած ենք աշխատելու կուտակուած թղթածրարներուն վրայ: Մենք ունինք հսկայ ու ծանր պարտականութիւններ, որոնց նպատակը Լիբանանի փրկութիւնն է», շեշտեց ան:

Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ լիբանանցիները քանի մը օրէն յստակ տարբերութիւն պիտի շօշափեն տարրական սննդեղէնի արտադրութեանց սակերուն իմաստով, ինչպէս նաեւ պիտի վկայեն տնտեսական օղակին վերաշխուժացման` նկատի ունենալով այն հաստատութիւնները, որոնք կառավարութենէն օժանդակութիւն ստացան` շարունակելու համար իրենց աշխատանքները եւ պահելու իրենց պաշտօնեաները:

«Մենք կը հասկնանք ժողովուրդին ճիչը, որուն պատճառը տիրող ընկերային կացութիւնն է: Սակայն մտահոգութիւնը այն է, որ այդ արդար ճիչը քաղաքական շահագործումի ենթարկուի, եւ ժողովուրդին արդարացի պահանջները վերածուին ճամբաներն ու հաստատութիւնները վերստին փակելու եւ ինքնաբերաբար աշխատաւորները գործէ արձակելու միջոցի մը», շեշտեց Տիապ:

Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը կը յարգէ ցոյց կատարելու ժողովուրդին իրաւունքը, «սակայն այդ իրաւունքը կը վերածուի քաոսի, եթէ երբեք ճամբաներու փակումն ու պետական եւ անձնական կալուածներուն քանդումը վերսկսի: Չեմ կարծեր, թէ կայ լիբանանցի մը, որ կ՛ընդունի այս վարուելակերպը, որ ժողովրդավարական արտայայտութեան անյարիր է», աւելցուց վարչապետ Տիապ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ շեշտեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է երկրին մէջ որդեգրուած ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը չորս շաբաթով, այսինքն` մինչեւ 5 յուլիս երկարաձգելու յանձնարարութիւնը, զոր ստացած էր Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդէն:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ երկրին մէջ տնտեսական աշխուժութիւնը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, թէ կառավարութիւնը կը խնդրէ ապահովութեան ուժերէն հսկել ընդհանուր զօրաշարժի խախտումներուն:

Ան նշեց, թէ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է, որ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ երկու շաբթուան համար նշանակուի Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատար:

Ան աւելցուց, որ նշանակումներուն թղթածրարը պիտի արծարծուի յառաջիկայ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին:

Ապտել Սամատ ըսաւ, որ արտաքին գործոց նախարարէն կը սպասուի առաջարկ մը ստանալ` «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներուն օրէնքին նկատմամբ ճշդուելիք կեցուածքին առումով` աւելցնելով, որ այս իմաստով կազմուած է յանձնախումբ մը:

Ապտել Սամատ շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ ցուցարարներուն ապահովութեան եւ այդ պատճառով է, որ ապահովական միջոցառումներ որդեգրուած են, եւ ոչ թէ վախի բերումով:

Տեղեկատուութեան նախարարը ըսաւ, որ կառավարութիւնը ոչ մէկ հարց ունի ցուցարարներուն փողոց վերադարձին առումով, պայմանով որ անոնք ճամբաները չփակեն, պետական եւ սեփական կալուածները չքանդեն, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հետ բախումներ չունենան, իրենց աշխատանքին հասնիլ փորձող քաղաքացիներուն արգելք չըլլան, եւ կրեն դիմակներ` «Քորոնա»-ի համաճարակէն պաշտպանելու համար իրենք զիրենք եւ իրենց ընտանիքները:

Իր կարգին, գաղթականներու հարցերու նախարար Ղատա Շրայմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախարարները միայն ստացած են «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներուն օրէնքը եւ ոչ թէ զայն քննարկած են:

Ցուցարարներուն խօսք մը ուղղելու մասին լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Շրայմ մաղթեց, որ ցուցարարները փնտռեն իսկական աւազակները, որովհետեւ այս կառավարութիւնը երկիրը չէ գողցած:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2020, 08:30