Ս. Սոֆիա Ս. Սոֆիա 

Յունաստան դատապարտած է Ս. Սոֆիայի մէջ Քորանի ընթերցումը

«Այդպիսի քայլերը կը վիրաւորեն միջազգային ընտանիքը. Թուրքիան պէտք է յարգէ համաշխարհային մշակոյթի ու բնական ժառանգութեան պահպանութեան ուխտը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որուն անդամ կը նկատուի ան»
Ունկնդրէ լուրը

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատաարտած է Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարին մէջ Քորանի ընթերցումն ու նամազը:

«Այդպիսի քայլերը կը վիրաւորեն միջազգային ընտանիքը. Թուրքիան պէտք է յարգէ համաշխարհային մշակոյթի ու բնական ժառանգութեան պահպանութեան ուխտը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որուն անդամ կը նկատուի ան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ աղօթքի ընթերցումը կը խախտէ 1935 թուականին թանգարանի վերածուած տաճարի կարգավիճակը:

Ի պատասխան այս յայտարարութեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ նշած է, որ Յունաստան պէտք է ձերբազատուի պատմական բարդոյթներէն եւ պէտք չէ ամէն նմանատիպ դէպքերու ժամանակ այդպիսի յայտարարութիւններ տարածէ:

Ան մեղադրած է Յունաստանը անհանդուրժողականութեան մէջ, որովհետեւ Աթէնք եւրոպական միակ մայրաքաղաքն է, ուր մզկիթ չկայ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արտօնած էր 29 մայիսին` Կոստանդնուպոլսոյ անկման տարելիցին առիթով Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարին մէջ նամազ կատարելը:

Վերջին տարիներուն բազմիցս քննարկուած է Ս. Սոֆիա տաճարը դարձեալ մզկիթի վերածելու հարցը:

1453 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ անկումէն ետք Ս. Սոֆիա տաճարը վերածուած է մզկիթի: Աթաթուրքի կառավարման օրերուն տաճարը վերածուած է թանգարանի եւ իբրեւ այդպիսին կը գործէ մինչեւ օրս:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2020, 09:28