Ժահրէն պաշտպանուելու դիմակ Ժահրէն պաշտպանուելու դիմակ 

Քորոնավիրիւսը պատրանաթափ ըրաւ ամենահզօր ըլլալ յաւակնողները. Սարգիս Նաճարեան

Փաստօրէն, Քորոնավիրիւսի համաճարակը ցոյց տուաւ որ ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ երկիր-պետութիւն՝ ինչպիսի ռազմական ուժի կամ արհեստագիտական հնարքի ալ տիրապետած ըլլայ, կրնայ պարտութեան մատնել զինք։
Ունկնդրէ լուրը

Մարդկութիւնը կը շարունակէ ապրիլ Համաշխարհային երկրորդ Պատերազմէն ի վեր իր վատթարագոյն ճգնաժամը, որուն պատճառը եւ ասոր ողբերգական հետեւանքները ծանօթ են։ Մեր տուներուն մէջ, ինքնամեկուսացումի դատապարտուած, պատկերասփիւռի պաստառին դիմաց նստած կամ բջիջայինը մեր ձեռքին, զանոնք կը զգանք ու կ’ապրինք հաւասարապէս բոլորս։ Արդարեւ, ժամը ժամը կը հետեւինք Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի կործանարար գլանի յառաջացումին եւ անոր գործած յարաճուն աւերի մասին տեղեկագրութիւններուն. միլիոնաւոր վարակակիրներ, հարիւր հազարաւոր մահեր, անգնահատելի նիւթական վնասներ, կեանքի բնականոն ընթացքը քայքայող վիճակներ։

Իր գլխապտոյտ պատճառող սրընթաց գիւտարարութեամբ, անծայրածիր հնարագիտութեամբ, մինչեւ մոլորակներ նուաճելու կարողութեամբ, ձայնի եւ լոյսի արագութիւնը գլող ռազմասարքերով յոխորտացող մարդկութիւնը դեռ եւս միջոցը չունի չէզոքացնելու այս աշխարհացունց չարիքը, արգելակելու անոր տարածումը՝ իր սարսափելի հետեւանքներով։ Ե՞րբ պիտի ունենայ այդ միջոցը հարցումին պատասխանն ալ դեռ չունի։ Չունի նաեւ անոր յառաջացումին ստոյգ բացատրութիւնը, որուն շուրջ մինչեւ իսկ հակասական կարծիքներով հանդէս կու գան մասնագէտներ։

Մինչ այդ, անզէն, նորօրինակ պատերազմ մըն է որ աշխարհ կը մղէ մահասփիւռ ժահրին դէմ, որ կը շարունակէ աշխարհաւեր ընթացքը առանց խտիր դնելու երկիրներուն եւ մարդոց միջեւ, չի դասակարգեր մարդիկը, մարդու տեսակը, բոլո՛րը հաւասարապէս իր թիրախներն են՝ անզօր եւ խեղճացած, սարսափահար եւ անկարող, հակառակ իրենց կուտակած անպարտելի թուացող գիտական, ռազմական, տնտեսական հսկայական միջոցներուն։

Փաստօրէն, Քորոնավիրիւսի համաճարակը պատրանաթափ ըրաւ համաշխարհային պատուանդաններու վրայ կանգնած մարդիկը, որոնք կը յաւակնէին ամենահզօր ըլլալ, իւրաքանչիւր գերհզօր պետութիւն՝ որ ինքզինք եւ իր կամքը պարտադրելու ուժ կը ցուցադրէր։ Ան ցոյց տուաւ որ ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ երկիր-պետութիւն՝ ինչպիսի ռազմական ուժի կամ արհեստագիտական հնարքի ալ տիրապետած ըլլայ, կրնայ պարտութեան մատնել զինք։ Իւրաքանչիւր մարդու կամ երկիր-պետութեան ամենակարող ըլլալու յաւակնութիւնը, որով կը յոխորտային եւ կը սպառնային իրարու՝ պատրանք էր պարզապէս։ Այդ պատրանքը սնուցանող գործիչները, աշխարհը ղեկավարել յաւակնող «մեծերը», չանսացին Սրբազան Քահանայապետի նախախնամական յորդորներուն ի խնդիր մարդկութիւնը ճշմարտապէս մարդկայնացնող արժէքներուն, համակեցութեան եւ խաղաղութեան, չլսեցին անոր կոչերը հրաժարելու իրենց մեծապետական յաւակնութիւններէն, իրենց աստուածատուր ամբողջ ունեցուածքը՝ յումպէտս մսխելու, զիրար կործանելու նպատակին յատկացնելու փոխարէն զանոնք մարդկութեան բարիքին ծառայեցնելու, համընդհանուր բարօրութեան, իրենց յարաբերութիւններուն մէջ ցուցաբերելու փոխադարձ հանդուրժողութիւն եւ առաջնորդուելու մարդկայնական տրամադրութիւններով՝ վերջապէս հաւատալով որ ամենակարողը իրենք չեն, այլ զիրենք արարող Ուժը։

Այսօր, յայտնապէս անճրկած ու Ճարահատ՝ ուշ կամ կանուխ (անշուշտ աւելի լաւ է կանուխ քան ուշ), անոնք՝ այդ բազմադէմ քաղաքական կամ այլ գործիչները պիտի անդրադառնան Սրբազան Քահանայապետի մարդկայնանալու յորդորներուն եւ փոխադարձ սէրն ու իրարօգնութիւնը իրենց կեանքին ու գործին մեկնակէտը դարձնելու կոչերուն իրաւացիութեան։ Պիտի համոզուին այդ գերագոյն Ուժին դիմելու անխուսափելիութեան՝ կարենալ դուրս գալու համար ողբերգական վիճակէն որուն մատնեցին համայն մարդկութիւնը։

Յետ քորոնավիրիւսական ժամանակահատուածին, զոր պիտի թեւակոխենք ուշ կամ կանուխ, այսպէս պիտի մտածենք ու խօսինք նախահամաճարակի իրավիճակի մասին, զոր ապրեցանք եւ որուն վկաներն ենք։

Քաղուած «ՄԱՍԻՍ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2020, 11:53