30072014_171443_Trafficking report.jpg

«Այժմ աւելի քան երբեւիցէ պաշտպանենք երախաները մանկական աշխատանքէն». Մանկական աշխատանքի շահագործման դէմ համաշխարհային օր։

«COVID-19 համաճարակը և անոր ընկրա-տնտեսական ցնցումները ահռելի հետևանքներ ունեցան մարդկային կեանքի կենսաապահովման վրայ, որոնց դժբախտաբար, առաջին զոհերն են յաճախ երախաներն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարփան - Վատիկան

18 տարիներ անցած են Երախաներու պաշտպանութեան ի սպաս մանուկներու  աշխատանքի շահագործումին դէմ պայքարի համաշխարհային օրուայ հաստատումէն՝ կանխելու և վերացնելու այս երևոյթը, որը տարածուած է բոլոր ցամաքամասերու աղքատ շրջաններուն մէջ , բայց նաև ներկայ է զարգացած երկրներու մէջ, ինչպես է պարագան Իտալիայի, ուր կը գնահատուի թէ կան 300 հազար փոքր աշխատողներ՝ 7-էն 15 տարեկան:

2020 թուականի՝ երեխաներու աշխատանքի շահագործումին դէմ պայքարի համաշխարհային օրուայ բնաբանն է «ՔՈՎԻՏ 19. Պաշտպանենք երեխաները մանկական աշխատանքէն, այժմ աւելի քան երբևիցէ», որուն նպատակն է կեդրոնանալ ներկայ ճգնաժամին վրայ ու անոր մանկական աշխատոյժի վրայ ունեցող հետեւանքներուն վրայ:

«COVID-19 համաճարակը և անոր ընկրա-տնտեսական ցնցումները ահռելի հետևանքներ ունեցան մարդկային կեանքի կենսաապահովման վրայ, որոնց դժբախտաբար, առաջին զոհերն են յաճախ երախաները», նշուած է այս առթիւ ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։ ։

Ճգնաժամը կարող է միլիոնաւոր անապահով երեխաները մղել մանկական աշխատանքի: Մօտ 152 միլիոն երեխայ արդէն ներգրաւուած է այդ աշխատանքի մէջ, որոնցմէ 72 միլիոնը կը կատարէ վտանգաւոր աշխատանք: Եւ ի տես ներկայ ժամանակներուն եւ աշխարհը յուզող Քովիտ19 համաճարակին այդ երախաները այժմ շատ աւելի մեծ վտանգի մէջ կը գտնուին քան անցեալին։

Մանկական աշխատանքի շահագործման դէմ համաշխարհային օրուան կապակցութեամբ անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղած էր ի պաշտպանութիւն մանուկներու ապագային ու հաստատած էր՝ թէ այս ուղղութեամբ բոլորս ալ պատասխանատու ենք ու թէ «Մանուկները մարդկային ընտանիքին ապագան են, ու բոլորիս կ՝իյնայ սատարել անոնց աճումին, երջանկութեան եւ առողջապահութեան»։

«Կոչ կ՝ուղղեմ, ըսած էր ապա Սրբազան Պապը, հաստատութիւններուն, որպէսզի ի գործ դնեն ամէն ջանք՝ պաշտպանելու համար անչափահասները, լիացնելով տնտեսական եւ ընկերային բացերը, որոնք հիմքն են աղաւաղուած շարժաբանութեան մը, որուն մէջ անոնք դժբախտաբար ներգրաւուած են»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2020, 09:00