Դամասկոս-Երեւան սուրիական օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքը Դամասկոս-Երեւան սուրիական օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքը  

8 տարուան ընդմիջումէն ետք կայացաւ Դամասկոս-Երեւան սուրիական օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքը

Սուրիոյ Փոխադրամիջոցներու Նախարարութիւնը յայտնեց, որ օդակայաններու վերաբանեցումով, այս թռիչքին պիտի յաջորդէ օդային երթեւեկութեան ամբողջական ծրագիր մը

Ութ տարուան ընդմիջումէն ետք, 5 Յունիս 2020-ին, Երեւանի ՛՛Զուարթնոց՛՛ օդակայան վայրէջք կատարեց Սուրիական Օդանաւային Պետական Ընկերութեան առաջին ճամբորդատար օդանաւը, որ 150 ճամբորդ կը փոխադրէր եւ թռիչք առած էր Դամակոսի Միջազգային Օդակայանէն։
Սուրիոյ Փոխադրամիջոցներու Նախարարութիւնը յայտնեց, որ օդակայաններու վերաբանեցումով, այս թռիչքին պիտի յաջորդէ օդային երթեւեկութեան ամբողջական ծրագիր մը, իսկ Հալէպի Միջազգային Օդակայանը կարեւոր կայան մը պիտի դառնայ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ օդային ճամբորդութիւններու կարգաւորման առումով, կը հաորդէ «գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութեանը։
Յիշենք, որ նախորդ ութը տարիներուն, Երեւան-Դամասկոս թռիչքները տեղի կ՛ունենային միայն Սուրիոյ մասնաւոր հատուածի ՛՛Աժնիհաթ ալ Շաամ՛՛ օդանաւային ընկերութեան կազմակերպած թռիչքներով։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2020, 07:13