Ասիզիի սրբավայրէն  առնուած լուսանկար Ասիզիի սրբավայրէն առնուած լուսանկար 

«Խաղաղութեան կերտիչներ» առցանց ձեռնարկ զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութիւնը դադրեցնելու ի խնդիր ։ 

Զէնքի արտադրութիւնն ու վաճառականութիւնը հսկայական հարստութիւններ կը խլէ ընդհանուր բարիքէն, նամանաւանդ համաճարակի տագնապի օրերուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 2 յունիսին, Իտալիոյ հանրապետութեան տօնին առիթով եւ ի տես յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին, Փերուժիա - Ասիզիի խաղաղութեան եւ եղբայրութեան նուիրուած քայլարշաւին, տեղի կ՝ունենայ «խաղաղութեան կերտիչներ»ուն առցանց հանդիպումը, խնդրելու համար զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութեան եւ վաճառման դադրեցումը։ Այս մասին նշուած է  ձեռնարկի կազմակերպիչներուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր կը նշուի նաեւ թէ զէնքի արտադրութիւնն ու վաճառականութիւնը հսկայական հարստութիւններ կը խլեն ընդհանուր բարիքէն, նամանաւանդ համաճարակի այս օրերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Մինչ՝ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Ասիզզի խաղաղութեան քայլարշաւ ձեռնարկի համակարգող, տիար ֆլավիօ Լոթթի յայտնեց,  թէ այսօրուան խաղաղութեան կերտիչներուն առցանց ձեռնարկին  նպատակն է աւելի լաւ պատրաստել աշնան կայանալիք խաղաղութեան եւ եղբայրութեան քայլարշաւը,« ընդառաջելու համար ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին, աղօթելու աշխարհի շատ մը վայրերուն քաղաքական իշխանութիւններուն համար, որոնք խաղաղութեան մասին կը խօսին սակայն կը շարունակեն զէնքեր վաճառել»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2020, 12:17