«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ
21 յունիսին հաստատուած է 560 նոր դէպք, իսկ 148 վարակակիրներ ապաքինած են:
Հայաստանի մէջ 21 յունիսի ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի ընդհանուր 20.268 դէպք, որոնցմէ 9002-ն` ապաքինած: Այս մասին նշուած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 95.754 քննութիւն:
Երէկ` 21 յունիսին հաստատուած է 560 նոր դէպք, իսկ148 վարակակիրներ ապաքինած են:
Քաղուած «Ազդակ»էն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
22/06/2020, 08:35