Դիմակներ կրած անձեր Դիմակներ կրած անձեր 

«Քորոնա» ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 10.009 է, ապաքինածներունը` 3427:

Մէկ օրուան ընթացքին, 2 յունիս առաւօտեան դրութեամբ, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով  մահացած է 19 հոգի, արձանագրուած է 517 նոր դէպք: Ապաքինած է 25 հոգի: Բացասական քննութիւններու թիւը 732 է:

Հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 10.009 է, ապաքինածներունը` 3427: Ապաքինման ընթացքի մէջ եղող վարակուածներուն թիւը 6368 է, իսկ կատարուած քննութիւններու ընդհանուր թիւը` 59.917: Մինչեւ 2 յունիս 2020 Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով մահացածներուն թիւը 158 է:

Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Արտաւազդ Վանեան զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ մայիս ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը մարտ ամսուան ընթացքին արձանագրուած թիւին համեմատ աճած է 13 անգամ:

Միւս կողմէ, Արցախի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր 46 դէպք, որոնցմէ 26-ը` բուժուած:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն:

Արցախի մէջ ընդհանուր առմամբ քննութեան ենթարկուած է 926 մարդ, կայ 100 մեկուսացուած անձ: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրով հաստատուած 3 նոր դէպք:

Քաղուած «Ազդակ»էն ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2020, 08:06