Մարոնի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու ժողով Մարոնի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու ժողով 

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւ յայտնեց Լասայի մէջ արձանագրուած վարկաբեկիչ արտայայտութեան դէպքին համար։

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լասայի մէջ մարոնի համայնքին պատկանող հողային տարածքները երկրագործներու կողմէ օգտագործելու աշխատանքին արգիլումը բանաւոր խափանարարական արարք կը նկատուի:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ցաւ յայտնեց Լասայի մէջ արձանագրուած վարկաբեկիչ արտայայտութեան դէպքին համար:

Ունկնդրէ լուրը

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լասայի մէջ մարոնի համայնքին պատկանող հողային տարածքները երկրագործներու կողմէ օգտագործելու աշխատանքին արգիլումը  բանաւոր խափանարարական արարք կը նկատուի:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ դարձեալ հնչող քաղաքական լարուած բառամթերքին համար` ընդգծելով, որ պէտք է անսալ Ռայի պատրիարքին կոչին` Լիբանանը կառուցել եւ փրկել շինիչ երկխօսութիւն որդեգրելով եւ օրէնքին յարկին տակ իրաւունքները իրականացնելով:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց ապօրինի անցքերը փակելու որոշումը` մաղթելով, որ այդ անցքերուն փակումով աւարտի երկրին տնտեսական կեանքին վիժումը, որուն պատճառով Լիբանանի ազգային տնտեսութիւնը շատ տուժած է եւ հսկայ տառապանքներ ապրած:

Պասիլ Այցելեց Պքերքէ

Ռայի պատրիարքը յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ Լիբանանը կազմող բոլոր շերտերուն միջեւ ճիգերու համատեղումը` երկիրը փրկելու համար իր դիմագրաւած հեղձուցիչ տագնապէն:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2020, 11:06