Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարան (Արխիւ) Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարան (Արխիւ) 

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանը աւարտեցաւ

Յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի պիտի ունենայ վարժարանի երեք աւարտական դասարաններու վկայականներու յանձնումը
Ունկնդրէ լուրը

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Հայ Քոյրերու վարժարանը 13 Մարտին փակեց իր դռները,  պսակաձեւ ժահրի  համաճարակին պատճառով, ենթարկուելով  նահանգի պարտադրած ինքնամեկուսացման պայմաններուն: Սակայն վարժարանս, քոյրերուն, Խորհրդատու մարմինին, տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ ուսուցիչներու անխոնջ ջանքերով՝  իր ուսումնառութիւնը շարունակեց առցանց, ի գործ դնելով ներկայ արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր միջոցները:

Այսպիսով, ակնթարթի մը մէջ, արդէն իսկ վարժարանը նոր դրութեան համակերպեցաւ եւ յարմարելով հեռակայ դասաւանդման՝ սկսաւ դասաւանդութիւնները մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ դասարանի աշակերտներուն՝ աւանդական դասացուցակով, իրականացուցին իրենց դասերը եւ նոյնիսկ դպրոցական խմբային ծրագիրները․ կարելի եղաւ յաջողցնել նաեւ  ամսական աշակերտական պատարագները, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, մոմավառութիւնը, Մայիս 28ի  յաղթանակի տօնակատարութիւնը եւ  դաստիարակչական հաւաքները, որոնցմէ  վերջինը յիշարժան էր միջնակարգի աշակերտներուն առցանց հանդիպումը՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ:

Շիֆի հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Յունիսին․ ներկայ էին աշակերտները եւ մեծ թիւով ուսուցիչներ․ հանդիպումը կը վարէր վարժարանիս տնօրէնը՝ դոկտ. Հուլիօ Թէյէզ, որ մեծ ճկունութեամբ աշակերտներուն նախօրօք պատրաստած հարցումները ներկայացուց քոնկրեսական Շիֆին, նոյն ժամանակ պատասխանները ընկալելի դարձնելով աշակերտներուն: Հարցումները ընդհանրապէս երեք թեմաներու  շուրջ ամփոփուած էին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, պսակաձեւ ժահրի եւ  խտրականութեան:

Շիֆ մեծ համբերութեամբ եւ հաճոյքով պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն ու աշակերտներու հետաքրքրութիւնը  լաւագոյնս գոհացուց:

Այսպիսով, աշակերտները իրենց շուտ յարմարուելու, արհեստագիտութեան հետ իրենց մտերմութիւնը օգտագործելով շարունակեցին2019 -2020 կրթական տարեշրջանը, որ որքան տարբեր էր սովորականէն, այնքան հետաքրքրական էր եւ աշխատնաք պարտադրող, միասնական ուժերով հասաւ իր աւարտին։ Աշակերտներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ տնօրէնութեան համագործակցութեամբ՝ կարելի եղաւ զայն բնական ընթացքով ամբողջացնել:

Յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի պիտի ունենայ վարժարանի երեք աւարտական դասարաններու վկայականներու յանձնումը, դարձեալ ոչ դասական դրութեամբ, մեզի տալով նոր փորձառութիւններ, նոր ճամբաներ եւ նոր մտայղացումներ:

Յաջողութիւն բոլոր աշակերտներուն:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2020, 07:51