Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան  Արամ Ա Վեհափառին հետ Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան Արամ Ա Վեհափառին հետ  

Ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան մէկ միլիոն տոլար կը յատկացնեն Լիբանանի Հայ Համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն

Նուիրատուութիւնը յատկացուած է Արամ Ա Կաթողիկոսի Հայրապետական գահակալութեան 25 ամեակին առիթով։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խոր գոհունակութեամբ ու ջերմ շնորհակալութեամբ կը յայտարարէ, թէ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար, եւ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն, որպէս օժանդակութիւն Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Յայտնենք, որ անցնող երկու ամիսներուն, Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան 350 միլիոն լ.ո. յատկացուցած էին նոյն նպատակին համար։

Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութիւնն ու oրհնութիւնը վայելող սոյն ծրագիրը պիտի իրագործուի Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ կազմուած յատուկ յանձնախումբի մը ճամբով։

Ծրագիրը պիտի տարածուի հինգ ամիսներու վրայ (Յուլիսէն Նոյեմբեր 2020)։ Իւրաքանչիւր ամիս երեք հազար ընտանիքներ պիտի օգտուին ծրագրէն։ Յառաջիկայ օրերուն Ազգ. Առաջնորդարանը այս գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները պիտի տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Մեծայարգ Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան մեր Ս. Աթոռին հաւատարիմ բարեկամը եւ նուիրեալ բարերարն է։ Արդարեւ, Տիար Ալեքքոյին եւ Տիկին Անիին կատարած իշխանական բարերարութիւնները Անթիլիասի Մայրավանքէն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ու «Թռչնոց Բոյն»էն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանին, Դպրեվանքին, հայ դատին եւ Լիբանանի հայութեան զանազան ծրագիրներուն, պերճախօս վկայութիւններ են իրենց հայու ազնուական ոգիին, խոր հաւատքին ու անշեղ հաւատարմութեան։

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

24 Յունիս 2020
Անթիլիաս, Լիբանան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2020, 07:20