Ս. Սոֆիա Ս. Սոֆիա 

«Այա Սոֆիան պիտի վերադառնայ իր բնական կարգավիճակին` իբրեւ մզկիթ» կ՛ըսէ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը։

Կիւլ բացատրած է, թէ յուլիսի առաջին շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան դատական լսումներ` Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու վերաբերեալ:

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիթ Կիւլ թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ս.Սոֆիան ի սկզբանէ կառուցուած է իբրեւ մզկիթ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»:

«Ասիկա գերիշխանութեան հարց է Թուրքիոյ համար: Ի հարկէ, բոլորիս բնական ցանկութիւնն է տեսնել, որ շղթաները կոտրուած են, եւ վայրը բաց է նամազի համար», նշած է Կիւլ` աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ մենք կը գտնուինք իրաւական եւ վարչական հոլովոյթներու շեմին, որ մեզ բոլորս կը հետաքրքրէ»:

Ունկնդրէ լուրը

Նախարարը այնուհետեւ շեշտած է, թէ իբրեւ քրիստոնէական տաճար կառուցուած Ս. Սոֆիան 500 տարի ծառայած է իբրեւ մզկիթ:

«Ատիկա իսկապէս պիտի նպաստէ ատոր իրական նշանակութեան, որովհետեւ անիկա պիտի վերադառնայ իր սկզբնական ձեւին», ըսած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը:

Կիւլ բացատրած է, թէ յուլիսի առաջին շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան դատական լսումներ` Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու վերաբերեալ:

Ան յայտնած է, որ դատարանի որոշումը պիտի կայացուի 15 օրուան ընթացքին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ փաստօրէն կանխորոշուած է, որ դատարանը պիտի որոշէ Ս. Սոֆիան մզկիթի վերածել:

«Բնականաբար, Այա Սոֆիան երազանք էր բոլորիս համար: Ասիկա փորձելու կարելիութիւնը շատ յուզիչ է: Աստուծոյ կամքով մենք պիտի տեսնենք Այա Սոֆիայի վերադարձը իր աղբիւրին»:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2020, 08:40