Քորոնա ժահրի քննութիւն Քորոնա ժահրի քննութիւն 

Համաճարակային պատկերը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` մինչ այսօր հաստատուած է 113, առողջացած է 77 անձ: Մեկուսացած է 65 քաղաքացի։ Արցախի մէջ մահուան դէպք չէ արձանագրուած։

Յունիս 25-ի դրութեամբ Հայաստանի Մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 22 488 պարագայ։ Վերջին մէկ օրուան մէջ վարակուած է 771 անձ,  մահացած՝ 11 քաղաքացի։ Մահերուն ընդհանուր թիւը 397 է։

Իսկ վարակուած բայց այլ հիւանդութենէն մահացածներուն ընդհանուր թիւը 131 է:
Վերջին մէկ օրուան մէջ առողջացածներուն թիւը 538 է, ընդհանուր առողջացածներունը` 11 335, փաստացի բուժուողներունը` 10 625: Մէկ օրուան մէջ քննուած է 2336 մարդ, ընդհանուր առմամբ առ այսօր կատարուած է 102 736 քննութիւն: 

Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` մինչ այսօր հաստատուած է 113, առողջացած է 77 անձ: Մեկուսացած է 65 քաղաքացի։ Արցախի մէջ մահուան դէպք չէ արձանագրուած։

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2020, 11:00