Մանուկի մը լուսանկար Մանուկի մը լուսանկար 

Կրթուած, իրազեկ ու իրար յարգանքով վերաբերող երեխաները մեր ապագան են. ՀՀ ՄԻՊ շնորհաւորական ուղերձը երեխաներուն։

Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգայն օրուան առիթով, ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան շնորհաւորական ուղերձը

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգայն օրուան առիթով։ 

«Սիրելի՛ երեխաներ, կը Շնորհաւորեմ բոլորիդ Յունիս 1-ի՝ երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով եւ ձեզի կը մաղթեմ անհոգ մանկութիւն, երջանիկ ընտանիք եւ յուսալի ապագայ։ Մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ, որ դուք ապրիք ընտանիքներու մէջ՝ սիրով ու համերաշխութեամբ եւ ազատօրէն կարենաք արտայայտել ձեր կարծիքը ձեզի վերաբերող հարցերուն։ Մեծերու համար երեխայի լաւագոյն շահը պէտք է ըլլայ ուղենիշ որոշումներու կայացման ժամանակ բոլոր պարագաներուն։ Բարձր արժէքային համակարգ ունեցող, կրթուած, իրազեկ ու իրար յարգանքով վերաբերող երեխաներն են մեր վաղուայ ապագան:

Անցեալ տարի, Յունիս 1-ին, «Օրրան» բարեգործական կազմակերպութեան մէջ հիանալի ժամանակ անցկացուցինք ՀԿ-ի սաներուն հետ՝ երեխաներուն հետ կտրելով տօնական կարկանդակը»։

Քաղուած «Եռագոյն»-էն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2020, 10:20