Բժիշկներ ու հիւանադապահներ Բժիշկներ ու հիւանադապահներ 

«Քորոնա» Ժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս տարբեր երկիրներէ բժիշկներ պիտի ժամանեն Հայաստան։

Բժիշկ Վահէ Տէր-մինասեանը ֆէյսպուքով տեղեկացուցած է, որ Մոսկուայէն բժիշկներու մեծ խումբ մը օգնութեան համար պիտի ժամանէ Հայաստան:

Տարբեր երկիրներէ բժիշկներ Հայաստան պիտի գան «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի ծիրէն ներս։

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Յունիս 12-ին տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ վաղը յատուկ չուերթով Ֆրանսայէն Հայաստան պիտի ժամանեն 10 բժիշկներ։

«Արտերկրէն բժշկական անձնակազմերու ծրագրաւորուած այցեր ունինք: Ֆրանսայէն ունինք 10 բժիշկի այց վաղը յատուկ չուերթով: Լիթուանիոյ բժիշկները միւս շաբաթ պիտի այցելեն: Կան նաեւ Ռուսիայէն ցանկութիւն յայտնած բժիշկներ` մօտ 50 հոգի, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ պիտի այցելեն ու աշխատին քանի մը շաբաթ»,- նշեց Թորոսեան:

Նախարարը աւելցուց, որ բանակցութիւններու մէջ են Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպական գրասենեակին հետ եւ կը քննարկեն արտակարգ իրավիճակներու համար ստեղծուած խումբերու այցելութիւնները: Խումբերը,  որոնք հիմա տարբեր երկիրներու մէջ օգնութիւն կը ցուցաբերեն, հաւանաբար պիտի ըլլան Լեհաստանէն կամ Իսրայէլէն, սակայն, ինչպէս նշեց նախարարը, այդ խումբերուն՝ Հայաստան ժամանելու որոշումը դեռ վերջնական չէ:

Բժիշկ Վահէ Տէր-մինասեանը ֆէյսպուքով տեղեկացուցած է, որ Մոսկուայէն բժիշկներու մեծ խումբ մը օգնութեան համար պիտի ժամանէ Հայաստան:

«Երէկ ուշ երեկոյեան տեղակացայ, որ, հետեւելով Մոսկուայի Թաւլովեան հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ Գէորգի Մելքոնեանի կոչին, մեծ թիւով հայ եւ այլազգի ռուսաստանցի մասնագէտներ անդամագրուած են Հայաստան ժամանող կամաւորներու խումբին մէջ:

Ըստ Տէր Մինասեանի` խումբին մէջ պիտի ըլլան մասնագէտներ, որոնք բաւական փորձ ունին «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ:

«Այսպիսին են իսկական համամարդկային արժէքները, հայրենասիրութիւնն ու ընկերութիւնը, որոնցմով պէտք է ապրիլ ու սերունդ դաստիարակել… բժիշկներու խումբը ամենայն հաւանականութեամբ Երեւան պիտի ըլլայ քանի մը օրէն», գրած է ան:

Հայաստանին օգնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ Վրաստանը։ Երկրի վարչապետ Գիորգի Գախարիա յայտարարած է, որ առաջին հերթին իրենք կը պատրաստուին բժշկական անձնակազմ գործուղել Հայաստան։

Նշենք, որ  Յունիս 11-ին տեղի ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով այն հարցումին, որ արդեօք «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի ծիրին մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի՞ օգնութիւն խնդրել միջազգային հանրութենէն, նաեւ՝ բժիշկներու եւ դեղորայքի տեսքով, ըսաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը առաջին հերթին կը պատրաստուի օգնութիւն խնդրել Հայաստանի քաղաքացիներէն։ «Մեր ուղերձը հետեւեալն է՝ օգնեցէք մեզի, որ օգնենք ձեզի, եւ եկէք իրարու օգնենք, որ այս խնդիրը յաղթահարենք», քաղաքացիներուն դիմելով ըսաւ ան:

Վարչապետը ակնարկեց` առայժմ միջազգային օգնութեան կարիք չկայ, հիմնաւորելով` եթէ այս շաբաթուան ընթացքին արձանագրուած վարակման թիւերը պահպանուին, հայաստանեան առողջապահական համակարգը պատրաստ է կրելու այդ բեռը: Փաշինեան յայտարարեց, որ կան աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած բարեկամական երկիրներ եւ կարեւոր է չմերժել այդ բարեկամական ժեստերը:

«Մենք կը կարծենք, որ այո, դժուար պահուն բարեկամները յստակ կ՛ընդգծուին, եւ այն երկիրները, որոնք մեր նկատմամբ բարեկամական ժեստ կ՛ընեն, մենք, ի հարկէ, այդ երկիրներու աջակցութիւնը կ’ընդունինք»,  նշեց ան:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2020, 10:12