Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբը Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբը  

Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբը կը շարունակէ աջակցիլ Հալէպի բուժհաստատութիւններուն։

Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցուած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ։

Յունիս 25-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդոյթի, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն։

Բժշկական կեդրոններու ղեկավարները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն՝ տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամենօրեայ ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսութեան՝ մշտական աջակցութեան համար։

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2020, 11:04