Հայաստան հասան բժշկական օգնութիւններ Հայաստան հասան բժշկական օգնութիւններ 

Լեհաստանէն, Լիթուանիայէն եւ Սերպիայէն Հայաստան հասան բժշկական օգնութիւն եւ մարդուժ

Հայաստան հասան բժշկական անձնակազմ մը եւ բժշկական օգնութիւն Քորոնա ժահրի դէմ պայաքարելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Յունիսին, Լիթուանիայէն Հայաստան հասան բժշկական անձնակազմ մը եւ բժշկական օգնութիւն՝ 8 բժշկական աշխատողներ, 3 մասնագէտներ եւ «Քորոնա» ժահրի  քննութեան շուրջ 90,000 քննութեան սարքեր, ինչպէս նաեւ լիթուանիական արտադրութեան 20,000 հատ օդափոխիչներ։

Նոյն օրը, «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ վայրէջք կատարեց Լեհաստանէն Հայաստան բժշկական ապրանքներ փոխադրող օդանաւը։ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին համար լեհական «Միջազգային համերաշխութեան հիմնրկ»ին տրամադրած աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Պաւել Չեփլաք Լեհաստանի անունով փոխանցեց Հայաստանի առողջապահութեան փոխնախարար Անահիտ Աւանէսեանին եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Աւետ Ատոնցին:

Նաեւ 19 Յունիսին, Սերպիայէն Հայաստան հասաւ մարդասիրական օգնութեամբ՝ բժշկական սարքերով ու ապրանքներով բեռնաւորուած երկրորդ օդանաւը, որուն մէջ կան արհեստական շնչառութեան սարքեր, հիւանդին վիճակը վերահսկող սարքեր, 500 հազար վիրահատական եւ 100 հազար շնչառական դիմակներ, 25 հազար պաշտպանիչ ակնոցներ, 25 հազար բժշկական պաշտպանիչ հանդերձանքներ եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2020, 08:19