«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ 

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը շարունակէ աջակցիլ Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 2019-ի դեկտեմբերին Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին միջոցով հայկական 18 կրթական հաստատութիւններու փոխանցած էր 150 հազար տոլարի նուիրատուութիւն, որմէ 50.000-ը` Արցախի կառավարութենէն:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 55.000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն կատարած է` աջակցելով Լիբանանի կրթական հաստատութիւններուն, որոնք երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամային պայմաններուն պատճառով դժուար կացութեան մէջ յայտնուած է:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն, գումարները հաւաքուած են Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հիմնադրամի տեղական կառոյցներուն կողմէ:

«Այժմ, երբ մեր բոլոր ճիգերը ուղղուած են սատարելու Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական ոլորտին, կարեւոր է նաեւ ձեռք մեկնել Լիբանանի մէջ անելանելի դրութեան մէջ գտնուող մեր կրթամշակութային օճախներուն, ինչպէս նաեւ տասնեակ տարիներէ ի վեր գործող հայալեզու լրատուամիջոցներուն: Լիբանանի մէջ ընկերային-տնտեսական ծանր ճգնաժամը ա՛լ աւելի ահագնացաւ համավարակին տարածումով: Աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները համահայկական հիմնադրամի մշտական ուշադրութեան տակ են», կը նշէ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:

Ի յաւելումն այս աջակցութեան, ընդհանուր առմամբ 10.000 ամերիկեան  տոլար համամասնաբար պիտի տրամադրուի Լիբանանի հայկական լրատուամիջոցներուն` «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 2019-ի դեկտեմբերին Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին միջոցով հայկական 18 կրթական հաստատութիւններու փոխանցած էր 150 հազար տոլարի նուիրատուութիւն, որմէ 50.000-ը` Արցախի կառավարութենէն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2020, 08:15