ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիներ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիներ 

ԵԱՏՄ-ի ներկայացուցիչները քննարկած են «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերը։

Քննարկուած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածման նկատմամբ վերահսկողութեան հակահամաճարակային քայլերու իրականացումը եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու բնակչութեան սահմանափակումներու դրութենէն դուրս գալու գործողութիւնները»

ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու բնակչութեան առողջապահական-համաճարակային բարեկեցութեան ոլորտին մէջ լիազօրուած մարմիններու ղեկավարներու խորհուրդը 12 մայիսին գումարած տեսաժողովին ընթացքին քննարկած է միութեան անդամ երկիրներուն մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Նիստը տեղի ունեցած է «Ռոսփոթրեպնատզօր»-ի ղեկավար Աննա Փոփովայի նախագահութեամբ: Քննարկումին հրաւիրուած են նաեւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչները:

«Առողջապահական համաճարակային բարեկեցութեան ոլորտին մէջ լիազօրուած մարմիններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին ընթացքին քննարկուած են  «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածման նկատմամբ վերահսկողութեան հակահամաճարակային քայլերու իրականացումը եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու բնակչութեան սահմանափակումներու դրութենէն դուրս գալու գործողութիւնները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Ռոսփոթրեպնատզոր»-ը ժողովի մասնակիցներուն պատմած է Ռուսիոյ նախագահին եւ կառավարութեան յանձնարարութեամբ մշակուած յանձնարարականներու եւ «Քորոնա» ժահրի լոյսին տակ սահմանափակումներու ջնջման համար առանցքային ցուցանիշերու մասին:

ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներն ու Ուզպեքիստանը, իրենց կարգին, ներկայացուցած են սահմանափակումներու ջնջման իրենց չափանիշները: Ընդհանուր առմամբ, երկիրներուն մէջ մօտեցումները կը միաւորեն իրավիճակի փուլայնութիւնը, տարբերակումը եւ կանոնաւոր գնահատումը:

Քաղուած Ազդակէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2020, 10:43