Թափառական եւ աղքատ մանուկներ Թափառական եւ աղքատ մանուկներ 

ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի ահազանգը։

Առանց անմիջական գործողութիւններու մինչեւ տարւոյս վերջաւորութեան աղքատ մանուկներուն թիւը կրնայ բազմապատկուիլ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի վերջին տուեալներուն համաձայն, Քորոնա ժահրի հետեւանքով տնտեսական անկումը կրնայ պատճառ դառնալ աղքատ մանուկներու թիւի աճումին, մանուկներ որոնք կ՝ապրին ընտանեկան աղքատ պայմաններու մէջ։ Ըստ ՄԱԿ-ի վերջին հետազօտութիւններուն, մինչեւ 2020 տարուան վերջաւորութեան, աշխարհի մէջ աղքատ մանուկներու թիւը կրնայ աճիլ արձանագրելով առաւել 85 միլիոն։

Ունկնդրէ լուրը

Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի կատարած վերջին ուսումնասիրութեան մէջ նշուած է, որ  առանց անմիջական գործողութիւններուն՝ պաշտպանելու համար ընտանիքները՝  համաճարակի պատճառած տնտեսական տագնապէն, աղքատ մանուկներու թիւը մինչեւ այս տարուան վերջաւորութեան, կրնայ հասնիլ  672 միլիոնի։ Այդ մանուկներու երեքէն երկուքը կ՝ապրին Ափիկէի եւ հարաւային Ասիոյ շրջաններու մէջ ։

«Քորոնա ժահրի համաճարակը, յարուցեց աննախադէպ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամ, սպառելով աշխարհի  համայն ընտանիքներուն հարստութիւնները» նշած է ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2020, 09:00