Թէեւ սպառնալիքը բոլորիս համար է հաւասարապէս, սակայն այդ բոլորին մէջ կան աւելի խոցելիներ։ Թէեւ սպառնալիքը բոլորիս համար է հաւասարապէս, սակայն այդ բոլորին մէջ կան աւելի խոցելիներ։ 

«Բոլորս որպէս մէկ ու միասնական ընտանիք»։ Սարգիս Նաճարեան

Թէեւ սպառնալիքը բոլորիս համար է հաւասարապէս, սակայն այդ բոլորին մէջ կան աւելի խոցելիներ։ Ասոնք տկարներն են, աղքատները, անօթեւանները, զրկեալները, անօգնականները, ընկերութեան լուսանցքին վրայ մոռցուածները,
Ունկնդրէ լուրը

Սարգիս Նաճարեան կը գրէ.

Դժուարին օրեր են բոլորիս համար, համայն մարդկութեան համար, որուն մէկ մասնիկն է իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն։

Այս յանկարծահաս եւ կատաղի փոթորիկին դիմաց տեսանք թէ բոլորս միեւնոյն նաւուն վրայ ենք, ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Բոլո՛րս, մեծովպզտիկով, ծերով երիտասարդով։ Բոլո՛րս առանց բացառութեան եւ խտրութեան։ Հարուստն ու աղքատը, ղեկավարն ու շարքայինը, մեծամիտն ու միամիտը, մտաւորականն ու բանուորը։ Եկեղեցականն ու աշխարհականը։ Հաւատացեալն ու անհաւատը։

Բոլո՛րս, նաւաբեկեալ, միեւնոյն նաւուն վրայ։ Չարիքի սպառնալիքին դիմաց։

Թէեւ սպառնալիքը բոլորիս համար է հաւասարապէս, սակայն այդ բոլորին մէջ կան աւելի խոցելիներ։ Ասոնք տկարներն են, աղքատները, անօթեւանները, զրկեալները, անօգնականները, ընկերութեան լուսանցքին վրայ մոռցուածները, որոնք յաճախ ժահրին դիմադրելու միջոցներէն զրկուած են։ Կարիքաւոր էին։ Համավարակը զիրենք աւելի կարիքաւոր դարձուց։ Կարիքաւոր՝ դեղորայքի, ախտազերծող նիւթերու, սննդանիւթի, խնամքի, եւ այս բոլորին հետ, մանաւանդ մոռցուած չըլլալու, շրջապատի սիրոյն եւ ուշադրութեան առարկան ըլլալու զգացումին։ Անոնց տրուած օգնութիւններուն լուռ նպատակն է նաեւ այդ զգացումը փոխանցել։ Արդարեւ, կոչուած ենք անհատապէս եւ հաւաքաբար մեր հնարաւորութեան ներած չափով օգնութեան հասնելու իրենց տուներէն դուրս գալու համարձակութիւնն անգամ չունեցող այդ նաւաբեկեալ եւ ուշակորոյս մարդոց, ընտանիքներուն, նիւթական օգնութեան հետ անոնց փոխանցելու համար եղբայրական սիրոյ զգացումը։ Զգացնելու համար որ միայն լաւ օրերու ուղեկիցներ չենք, այլ նաեւ գէշ օրերու։ Լաւ կամ գէշ, մօտիկ կամ հեռու ուղեկիցներ ինչպէս անցեալին՝ պիտի ըլլանք նաեւ ապագային, զոր միասնաբար ուրուագծելու պիտի հրաւիրուինք վաղը, այս օրերէն ետք, յետքորոնական հանգրուանին որ պէտք չէ ուշանայ։

 Այս մտածումներուն ու գիտակցութեան արդիւնքն է մեր եկեղեցական, համայնքային կառոյցներուն, կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, իրենց ծրագիր-կանոններէն անկախ կամ անոնց թելադրութեամբ, մեծ ու փոքր բարերարներուն օժանդակութեամբ տեղի ունեցած զօրաշարժը իր կամաւորներու շարքերով, ուր ընդգրկուած են բոլոր դասակարգերու եւ հանգամանքներու ներկայացուցիչներ, համայն լիբանանահայ համայնքը, իբրեւ մէկ ու միասնական ընտանիք, որ ապացոյցը կու տայ օրինակելի կազմակերպուածութեամբ մը անխտիր իր բոլոր, նոյնիսկ անարակ, զաւակներուն օգնութեան հասնելու պատրաստականութեան։

Քաղուած «Մասիս» Պարբերաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2020, 08:30