Դանիէլ Վարուժանի  «Հացին Երգը» ժողովածուն Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» ժողովածուն 

Պոլսոյ մէջ թարգմանուած եւ հրատարակուած է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» ժողովածուն

Պոլսահայ «Արաս» հրատարակչութիւնը՝ Օհաննէս Շաշկալի թարգմանութեամբ՝ հրատարակած է «Հացին երգը» ժողովածուն։

1915թ․ Ապրիլ 24-ին ձերբակալուած եւ մահուան ուղարկուած արեւմտահայ մեծանուն գրողներղն մէկուն՝ Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են թրքերէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Պոլսահայ «Արաս» հրատարակչութիւնը՝ Օհաննէս Շաշկալի  թարգմանութեամբ՝ հրատարակած է «Հացին երգը» ժողովածուն։

Անդրադառնալով Վարուժանի ստեղծագործութեան ու ժողովածուի թարգմանութեան՝ թրքական «Gazete Duvar» թերթը գրած է․ «Հացի երգիչը» ապրուստի հիմնական աղբիւր հանդիսացող գիւղական կեանքը ծայրաստիճան մանրամասն, աշխոյժ եւ կրքոտ լեզուով վերածած է բանաստեղծութեան։

«Հացին երգը» միանգամայն կարելի է ընկալել «ձօն աշխատանքին» եւ «ժողովուրդի հացը» իմաստներով»։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2020, 07:50