«Գիտական Արցախ» պարբերականի 2020-ի առաջին թիւը։ «Գիտական Արցախ» պարբերականի 2020-ի առաջին թիւը։ 

Լոյս տեսած է «Գիտական Արցախ» պարբերականի 2020-ի առաջին թիւը։

Հեղինակները կը ներկայացնեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը, Գերմանիան, Լեհաստանը եւ Ուքրանիան:

Լոյս տեսած է ՀՀ Բարձրագոյն Որակաւորման Կոմիտէի (այսուհետեւ՝ ԲՈԿ) ընդունելի հանդէսներու ցանկին մէջ ընդգրկուած «Գիտական Արցախ» պարբերականի 2020-ի առաջին թիւը, որ նուիրուած է Արցախի երիտասարդ գիտնականներու եւ մասնագէտներու միաւորման 5-ամեակին եւ կը սկսի գլխաւոր խմբագիր, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Աւետիք Յարութիւնեանի նախախօսքով` «Արցախի Երիտասարդ Գիտնականներու Միութիւններու Միաւորման Հնգամեայ Երթը» խորագիրով: «Երկիր»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ սոյն թիւին մէջ տեղ գտած են 30 հեղինակներու 24 յօդուածներ եւ 1 գրախօսութիւն:

Ունկնդրէ լուրը

Հեղինակները կը ներկայացնեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը, Գերմանիան, Լեհաստանը եւ Ուքրանիան:

Անոնցմէ 7-ն գիտութիւններու դոկտոր է, 11-ը` գիտութիւններու թեկնածու, 12-ը` յետ-ընթացաւարտ, հայցորդ ու մագիստրոս:

Ինչպէս նշած է գլխաւոր խմբագիր Ա. Յարութիւնեան, ի թիւս այլ առաջնահերթութիւններու, «Գիտական Արցախ»-ը կոչուած է միջազգային հանրութեան ներկայացնելու Հայաստանի ու Արցախի հիմնահարցերու մասին բացառապէս առարկայական տեղեկատուութիւն եւ գիտութեան միջոցով Արցախի մասին ծանուցելու արտերկրի մէջ: Այդ համազգային տեսլականով, հաւաքական պատասխանատուութեամբ, գիտական ուժերու համախմբումով պէտք է շարունակել պարբերականի հրատարակումը, պարբերական, որ պէտք է դառնա ԱԵԳՄՄ-ի որդեգրած գիտութեան դիւանագիտութեան միջոցով Արցախի միջազգային ճանաչման նպաստող ռազմավարական ու մարտավարական իւրօրինակ ուղեցոյցը»:

«Գիտական Արցախ»-ի սոյն համարը հասանելի է Արցախի էլեկտրոնային գրադարանի կայքով:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2020, 08:01