Փաքիստանի մէջ քարիթասի հաւաքի ժամանակ։ Փաքիստանի մէջ քարիթասի հաւաքի ժամանակ։ 

« ծառ մը տնկէ, յոյսի ծառ մը տնկած կ՝ըլլաս։» Փաքիստանի մէջ քարիթասի ծրագիրը,  «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի հեռանկարով։

Շնորհիւ Փաքիստանի մէջ տեղական քարիթասին երկրի մէջ տնկուած են աւելի քան 1.062.277 ծառ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի լոյսի ներքոյ, Փաքիստանի մէջ տեղական Քարիթասի նախաձեռնութեամբ, իրականացուած է «Ծառ մը տնկէ ,յոյսի ծառ մը տնկած կ՝ըլլաս» խորագիրով ծրագիր մը։

Ունկնդրէ լուրը

«Կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով, Փաքիստանը աշխարհի ամենէն շատ վնասուած հինգերորդ երկիրն է՝որուն աւելի քան  200 միլիոն բնակչութեան կեանքը ծանր վտանգի տակ  է։ Կլիմային փոփոխութեան պատճառով, երկրի ջերմաստիճանը բարձրացած է, չորութիւն  տիրած է եւ ողողումներու թիւը աճած է՝ մեծ վնաս հասցնելով հողագործութեան։ Մինչ ծովու մակարդակի բարձրացումով, ծովային շրջանները անհետացումի  ենթարկուած են։» Այս մասին յայտարարութեամբ մը  նշած է Փաքիստանի մէջ տեղական քարիթասը, ուր աւեցուած է նաեւ,  թէ վերոնշեալ բնական երեւոյթներուն պատճառով տեղական քարիթասը, քաջալերած է դպրոցները, կրօնական հաստատութիւնները, ընկերակցութիւնները ծառեր տնկելու։

Ցարդ տնկուած են 1.062.277 ծառ, երկրի 36 տարբեր մարզերուն մէջ շնորհիւ քարիթասի ծրագիրին իրագործուած 2016 - 2019 տարիներուն։

Առաջին ծառը տնկած է Փաքիստանի Քարիթասի  Նախագահ,  Քարարաշի թեմի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Ժոզէֆ Քութսը։ Ծառատունկի ծրագիրը մեծ յաջողութիւն գտած է եւ ասոր համար Փաքիստանի քարիթասը որոշած է, որ նոյն ծրագիրը շարունակուի 2020 - 2023 տարիներուն։

« Սոյն ծրագրին շնորհիւ առիթ ունեցանք զարգացնելու կանաչ գոյնով նոր ապրելակերպ մը։ Այս փոքրիկ քայլերը մեծ ազդեգութիւն պիտի ունենան մեր հասարակաց տան վրայ որովհետեւ, ինչ որ այսօր կը տնկենք արդիւնաբեր պիտի դառնայ գալիք օրերուն։ ըսած է Արքեպիսպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2020, 14:38