ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին 

ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագիրը «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով լայնածիր սով կը նախատեսէ։

երջին հաշուարկներու համաձայն, մոլորակի քառորդ միլիառ բնակիչ արդէն իսկ 2020 թուականին կրնայ «Քորոնա»-ին իբրեւ հետեւանք սովի սպառնալիքի դէմ յանդիման գտնուիլ:

ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագիրի վերլուծումներուն համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը աշխարհի տարբեր մասերու մէջ մարդասիրական աղէտի եւ սովի պատճառ պիտի ըլլայ: Այս մասին հաղորդուած է կազմակերպութեան թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Վերջին հաշուարկներու համաձայն, մոլորակի քառորդ միլիառ բնակիչ արդէն իսկ 2020 թուականին կրնայ «Քորոնա»-ին իբրեւ հետեւանք սովի սպառնալիքի դէմ յանդիման գտնուիլ:

«Ներկայիս ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագիրը երեք ամսուան համար բաւարար սնունդի պահեստներ կ՛ամբարէ ամէնէն խոցելի երկիրներուն մէջ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Թուիթըրեան գրառման կից կազմակերպութիւնը նաեւ հրապարակած է ամբարուող պաշարներու տարողութիւնը ցուցադրող տեսանիւթ մը, ուր հարիւրաւոր շարքերով սնունդ «կուտակուած» է:

Յիշեցնենք, որ Ծրագիրի ղեկավար Տէյվիտ Պիզի նախապէս յայտարարած էր, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը կրնայ «աստուածաշնչական տարողութեամբ» սովի առաջնորդէ:

Աւստրական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Աւստրիան ու Գերմանիան 15 յունիսին պիտի վերաբանան իրենց միջեւ սահմանները, որոնք «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով փակուած էին 15 մայիսին:

Տուպայ իր կարգին վերաբացաւ հանրային պարտէզներն ու պանդոկներուն յատուկ ծովափները:

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն երէկ հաղորդեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ  պայքարի սկիզբէն ի վեր Բրիտանիոյ առողջապահական եւ ընկերային մարզի 275 աշխատակիցներ մահացած են:

«Տէյլի Մէյլ» հաղորդեց, որ, «Սի.Այ.Էյ.»-ի կարծիքով, Չինաստանը ճնշում բանեցուցած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան վրայ, որպէսզի յետաձգէ «Քորոնա» ժահրի բռնկման սկիզբը համաճարակի մասին հրապարակային նախազգուշացումները:

«Սի.Այ.Էյ.»-ի զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ Չինաստան սպառնացած է «Քորոնա»-ի հետաքննութեան հարցին մէջ դադրեցնել կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը, եթէ վերջինս ժահրի տարածումը առողջապահութեան ոլորտին մէջ համաշխարհային արտակարգ իրավիճակ յայտարարէ:

Աղբիւրը կը գրէ, որ Չինաստան ենթադրեալ սպառնալիքները կատարած է յունուարին, երբ ժահրը ամբողջ աշխարհին վրայ աննկատ կը տարածուէր, մինչդեռ Չինաստանը կ՛ամբարէր Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ արտադրուած բժշկական սարքերու եւ պաշտպանական միջոցներու պաշարներ:

Այս մէկը «Սի.Այ.Էյ.»-ի երկրորդ զեկուցումն է, որուն մէջ Չինաստանը կը մեղադրուի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան վրայ ճնշում գործադրելու համար:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» շաբաթաթերթը նախապէս յայտնած էր, որ Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփին հեռաձայնային զրոյցի ժամանակ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Ղեպրէյեսուսէն խնդրած է չյայտնել «Քորոնա» ժահրի մարդէ մարդ փոխանցման մասին եւ համաճարակ չյայտարարել: Թերթը իր յօդուածին մէջ յղում կատարած է Գերմանիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան, որ, սակայն, մերժած է լուրը մեկնաբանել:

«Տեր Շփիկըլ» նաեւ պնդած է, որ հետախուզութիւնը յանգած է այն եզրակացութեան, որ Չինաստանի տեղեկատուական քաղաքականութեան պատճառով աշխարհը մինչեւ վեց շաբաթ ժամանակ կորսնցուցած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը «կեղծ լուրեր» որակած է լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւնները` նշելով, որ կազմակերպութեան ղեկավարին եւ Չինաստանի նախագահին միջեւ յունուարին տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին մասին գերմանական թերթի հաղորդագրութիւնը «անհիմն է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան»:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ Կեպրէյեսուս եւ Չինաստանի ղեկավարը «երբեք հեռաձայնով չեն խօսած»` աւելցնելով, որ նման ստայօդ հաղորդագրութիւններ կը խանգարեն «Քորոնա»-ի համաճարակը դադրեցնելու ուղղութեան կազմակերպութեան եւ ամբողջ աշխարհին ջանքերը:

Աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 4.342.808-ի, իսկ մահացածներունը` 292.899-ի: Աշխարհի վրայ մահացածներու թիւով առաջին դիրքը գրաւող երկիրը Միացեալ Նահանգներն են (83.159): Անոնց կը յաջորդեն Բրիտանիան (32.692), Իտալիան (30.911), Ֆրանսան (26.991) եւ Սպանիան (26.920):

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 1704 եւ մահուան 53 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 141.475-ի, իսկ մահացածներունը` 3894-ի: Գերմանիոյ մէջ արձանագրուած է վարակման 798 եւ մահուան 101 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 171.306-ի, իսկ մահացածներունը` 7634-ի:

Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 5 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 647-ի: Մահացածներուն թիւը կը շարունակէ մնալ 11: Չինաստանի մէջ արձանագրուած է վարակման 7 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 82.926-ի, իսկ մահացածներուն թիւը կը շարունակէ մնալ 4633: Օմանի մէջ արձանագրուած է վարակման 298 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 4019-ի, իսկ մահացածներունը կը շարունակէ մնալ 17:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2020, 10:57