Նախագահ Արմէն Սարգսեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան 

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը հանրապետութեան տօնին առթիւ.

Առաջին Հանրապետութեան փորձը, ձեռքբերումները եւ ձախողումները մեզի դասեր կու տան.

Սիրելի հայրենակիցներ,

Այսօր կը նշենք Հանրապետութեան տօնը` Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրման տարեդարձը:

Հայոց պետականութիւնը վերականգնեցաւ միջազգային բարդագոյն իրադրութեան պայմաններու մէջ, երբ դեռ կը մոլեգնէր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը, որու ամենաարիւնալի ճակատներէն մէկը դարձած էր բուն Հայաստանը` իր Արեւմտեան եւ Արեւելեան մասերով:

Պատերազմի քօղին տակ Օսմանեան Թուրքիան արդէն տեղահանած եւ կոտորած էր միլիոնաւոր հայեր եւ վտանգի տակ դրած հայ ժողովուրդի բուն գոյութիւնը:

Այս օրհասական պայմաններուն մէջ, թուրք նուաճողներու դէմ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսիայի հերոսամարտերէն ետք, 1918-ի Մայիս 28-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը:

Առաջին Հանրապետութեան պատմական նշանակութիւնը անգնահատելի է:

Կիլիկեան Հայոց թագաւորութեան անկումէն աւելի քան 500 տարի անց վերականգնուեցաւ հայոց պետականութիւնը: Ատիկա սերունդներու երազանքն էր եւ ազգային-ազատագրական դարաւոր պայքարի արդիւնքը:

Երկրին մէջ ստեղծուեցաւ բազմակուսակցական դեմոկրատական կառավարման համակարգ, հաստատուեցան քաղաքացիական ազատութիւններ, հաւասար ընտրական իրաւունքներ, ներառեալ` կանանց:

Սկիզբ դրուեցաւ պետական շինարարութեան, զարկ տրուեցաւ լուսաւորութեան, գիտութեան ու կրթութեան:

Ամէն կողմէ Հայրենիք շտապեցին կարող ուժեր` իրենց ծառայութիւնը մատուցելու նորանկախ պետութեան:

Հայաստանը դարձաւ միջազգային գործօն, հաստատուեցան արտաքին կապեր, շարք մը երկիրներու մէջ նշանակուեցան Հայաստանի դեսպաններ եւ ներկայացուցիչներ:

Անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծման նպատակը, որ 1919-ի Մայիս 28-ին արձանագրուեցաւ նաեւ Խորհրդարանի որոշման տեսքով, խտացումն էր ազգային դարաւոր պայքարի եւ գաղափարախօսութեան, ինչպէս նաեւ կը բխէր ժամանակի աշխարհաքաղաքականութենէն, որուն արդիւնքը եղաւ 1920-ի Օգոստոս 10-ի Սեւրի պայմանագիրը:

Առաջին Հանրապետութեան փորձը, ձեռքբերումները եւ ձախողումները մեզի դասեր կու տան: Ամենամեծ դասը սեփական ուժերու վրայ յենուիլն է, իսկ այդ ուժը գոյացնելու համար` ազգային գերագոյն նպատակ ձեւաւորելը եւ ատոր շուրջը համախմբուիլը:

Մեր ժողովուրդի ապահով, անվտանգ ու բարեկեցիկ ապագայի երաշխիքը պէտք է ըլլայ Հայաստանի որպէս հայութեան համար աշխարհաքաղաքական ելակեդրոնի գաղափարախօսութեան իրագործումը:

Երկար դարեր մեզի միաւորած եւ ուղեկցած է միասնական Հայրենիքի գաղափարը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

Ան մեր ազգային մեծ ուխտն է, մեր քաղաքական եւ պատմական ժառանգութիւնը:

Մեր օրերուն ան կը դրսեւորուի Հայաստան- Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան տեսքով: Ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ եւ արդարացի լուծման եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր հետեւանքներու վերացման հարցերը կը տեղաւորուին նոյն այդ հասկացութեան մէջ:

Մարդկութեան պատմական փորձը մեզի կ՛ուսուցանէ, որ գործնական քաղաքականութիւնը վարել ըստ այդ պահուն առկայ պայմաններու եւ հնարաւորութիւններու, սակայն ազգային գերագոյն նպատակը շարժիչ ուժն է ազգի յառաջընթացի եւ յաջողութեան:

Մարդկութեան պատմական փորձը մեզ ուսանում է, որ գործնական քաղաքականութիւնը վարւում է ըստ այդ պահին առկայ պայմանների եւ հնարաւորութիւնների, սակայն ազգային գերագոյն նպատակը շարժիչ ուժն է ազգի առաջընթացի եւ յաջողութեան:

100 տարի առաջ այդ նպատակը մտքին եւ զէնքը ձեռքին մեր նախնիները անձնուէր կը պայքարէին Հայաստանի փրկութեան եւ անկախութեան համար:

1991-ի անկախութենէն ետք Հայաստանը աշխարհի մէջ վերագտած է իր ուրոյն տեղը: Ներկայ եւ յաջորդ սերունդներու պարտքը կերտած է կայուն, զարգացած եւ միասնական Հայրենիք, որ իր հովանիին տակ կ՛առնէ ողջ հայ ժողովուրդը:

Կեցցէ՛ Մայիս 28-ը` Հայոց պետականութեան վերականգնման օրը:

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը:

Կեցցէ՛ համայն հայ ժողովուրդը:

Փա՛ռք յանուն Հայրենիքի բոլոր նահատակներուն:

Աստուած պահապան բոլորիս:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2020, 12:56