Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 

Հայրենիքի պաշտպանութեան, ազատութեան, խաղաղութեան նուիրական խորհուրդ ունի մեզի համար մայիս 9-ը․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

Ամենայն հայոց Կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձը, Շուշիի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան բանակի օրուան առիթով:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ յղած է յաղթանակի, խաղաղութեան, Շուշիի ազատագրութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի օրուան առիթով։

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հոգիի բերկրութեամբ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը բերենք սիրեցեալ համայն մեր ժողովուրդին` Յաղթանակի եւ խաղաղութեան, Շուշիի ազատագրութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի օրուան առիթով:

Այսօր, երբ կը նշենք պանծալի Յաղթանակի 75-ամեայ յոբելեանը, առանձնակի ջերմութեամբ կը շնորհաւորենք եւ Մեր բարեմաղթանքները կը բերենք Երկրորդ աշխարհամարտի եւ Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններուն: Ջերմօրէն կ՝ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Արցախի ազատամարտին մասնակցած մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ այսօր մեր հայրենիքի սահմանները անառիկ պահպանող մեր բանակի քաջարի սպաներուն ու զինուորներուն:

Հայրենիքի պաշտպանութեան, ազատութեան, խաղաղութեան նուիրական խորհուրդ ունի մեզի համար Մայիս 9-ը: Երկրորդ աշխարհամարտին ձեռք բերուած յաղթանակի կերտման եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ մեր փոքրաթիւ ժողովուրդը ունեցած է հերոսական մասնակցութիւն եւ արժանի ներդրում: Հայկական ռազմական խմբաւորումներ գլխաւորող հայ զօրահրամանատարներու, հայ սպաներու եւ զինուորներու սխրանքներն ու անցած փառապանծ ուղին մեր պատմութեան նշանակալի էջերէն են, որոնց մեր ժողովուրդը միշտ հպարտութեամբ պիտի անդրադառնայ: Հայրենիքի ազատ, ապահով եւ խաղաղ կեանքի նոյն ձգտումով ու նուիրումով մեր ժողովուրդը յաղթանակեց նաեւ արցախեան ազատամարտին: Յաղթանակեց հաւատով, միահամուռ ջանքերով, բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայելու նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ եւ հայրենի Արցախի մէջ շէն ու բարօր նոր կեանք կառուցելու պայծառ տեսլականով:

Մայիս 9-ի նուիրական յիշատակներն ու յաղթանակները միշտ պիտի զօրացնեն մեզ, քաջալերեն դիմակայելու ծանր իրավիճակներուն, յատկապէս այսօր, երբ աշխարհը համակուած է համընդհանուր նոր տագնապով, համավարակի բերած բազմաթիւ մտահոգութիւններով ու խնդիրներով, որոնք կը յուզեն նաեւ մեր կեանքը:

Կ՝աղօթենք, որ մեր ժողովուրդը առ Աստուած ապաւինութեամբ, համախմբուած ու միմեանց աջակից յաղթահարէ մեր երկրի առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները եւ միշտ ապրի հայրենիքին, ազգային կեանքին նուիրուածութեամբ, նոր ձեռքբերումներու հաւատով ու վստահութեամբ: Եւ թող հարուցեալ մեր Տիրոջ եւ Փրկչի` Յիսուս Քրիստոսի յոյսի, սիրոյ ու հաւատի շնորհները առաջնորդեն մեզ յաջողելու ամէն բարի գործի մէջ»:

Քաղուած Եռագոյնէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2020, 10:13