Նախագահ Աուն Նախագահ Աուն 

Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի Կոչին նախագահ Աուն Լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց աղօթելու` փրկուելու համար «Քորոնա» Ժահրէն։

«Այս օրը նոր սկիզբ թող ըլլայ բոլորիս համար` մերժելու ատելութեան եւ բաժանումի պատճառները, որոնք դուրս են տրամաբանութեան, բանականութեան եւ պատմութեան իմաստութեան կանոններէն:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն սիրտէ եւ խիղճէ բխած նախաձեռնութիւն նկատեց Ֆրանչիսկոս պապին եւ Ազհարի շէյխ դոկտ. Ահմետ Թայիպի հովանաւորած «Մարդկային եղբայրութեան գերագոյն յանձնախումբ»-ին կոչը` 14 մայիսը յատկացնելու աղօթքի, պահեցողութեան, եւ բարեգործութեան` բոլոր կրօններուն համար, որպէսզի Աստուած մարդկութիւնը փրկէ «Քորոնա» ժահրէն: Ատիկա կը բխի նախագահ Աունի նախաձեռնած եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ վաւերացուած հիմնական նպատակներէն` Լիբանանի մէջ ստեղծելու «Երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մարդու ակադեմիա», որ պիտի նպաստէ Իրականացնելու մարդկային քաղաքակրթութիւն` հանդուրժողականութեան   հիման վրայ, անկախ մարդոց պատկանելիութենէն եւ կրօնէն: Ատոր նպատակն է նաեւ հաստատել տարբերութեան մէջ փոխադարձ հարստացումը, իբրեւ իրաւունք եւ այլազանութիւնը` իբրեւ երաշխիք:

Նախագահ Աուն լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց մասնակցելու աղօթքին` շեշտելով, որ լիբանանցիները, անկախ իրենց պատկանելիութիւններէն` այսօր հրաւիրուած են աւելի քան երբեւէ ցոյց տալու իրենց եղբայրութեան սկզբունքները եւ հարստանալու այլազանութեամբ, որպէսզի անոնք իսկապէս արժանի դառնան, որ Լիբանանը իսկական պատգամի երկիր ըլլայ:

Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար եւ աննախընթաց պայմաններուն մէջ նամազներու ձայները թող խառնուին զանգերու ղօղանջներուն` Լիբանանին եւ աշխարհին համար, եւ թող լռեն բոլոր այն ձայները, որոնք կը խախտեն մեր ազգային միասնութիւնը, մեր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի վահանը, այն բանէն ետք, երբ բաժանումներու վէրքերը թուլացուցին երկիրը եւ բաժանումի ծրագիրները գրեթէ պիտի աւերէին Լիբանանը: «Այս օրը նոր սկիզբ թող ըլլայ բոլորիս համար` մերժելու ատելութեան եւ բաժանումի պատճառները, որոնք դուրս են տրամաբանութեան, բանականութեան եւ պատմութեան իմաստութեան կանոններէն: Այսպիսով, իւրաքանչիւրը մէկ կողմ թող դնէ իր տարբերութիւնները` վերականգնելու մեր ներքին անձեռնմխելիութիւնը, որ ամրագրուած է մեր ազգային միասնութեան մէջ, որ կը հաստատէ մեր խաղաղութիւնը եւ դիմադրողականութիւն կու տայ մեր հայրենիքին, որուն հասնելու համար մենք բոլորս տուինք մեր երիտասարդներուն սուղ արիւնը», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2020, 08:30