Պաղեստինեան Իշխանութիւնը կը խզէ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ բոլոր համաձայնագիրները Պաղեստինեան Իշխանութիւնը կը խզէ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ բոլոր համաձայնագիրները 

Պաղեստինեան Իշխանութիւնը կը խզէ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ բոլոր համաձայնագիրները

Այդ որոշումին պատճառը Իսրայէլի մտադրութիւնն է` պաղեստինեան հողեր բռնակցելու:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտարարած է Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ բոլոր համաձայնագիրները խզելու որոշումին մասին: Ան այս մասին հաստատած է «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանէն` նշելով, որ խօսքը կը վերաբերի նաեւ անվտանգութեան ոլորտի համաձայնագիրներուն:

Այդ որոշումին պատճառը Իսրայէլի մտադրութիւնն է` պաղեստինեան հողեր բռնակցելու:

Ապպաս նոյն ատեն Իսրայէլին կոչ ուղղած է` միջազգային ընտանիքին առջեւ կրելու ամբողջական պատասխանատուութիւն` «իբրեւ Պաղեստինի բռնագրաւուած տարածքին մէջ բռնագրաւող ուժ»:

Բացի ատկէ, Ապպաս կոչ ուղղած է` Պաղեստինը ներառելու միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու կազմին մէջ:

Ըստ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի յայտարարութեան, Պաղեստինը պատրաստ է պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութեան հարցով վերադառնալու բանակցութիւններու  երրորդ երկրի միջնորդութեամբ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չժաու Լիցզիան յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է յարգել պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութեան լուծման վերաբերեալ Պաղեստինեան իշխանութեան դիրքորոշումը:

«Չինաստան միշտ համարած է, որ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերը եւ երկու պետութիւններու ծրագիրը հիմք ստեղծած են լուծելու հակամարտութիւնը, որ պէտք է յարգուի: Անհրաժեշտ է լսել եւ յարգել Պաղեստինի դիրքորոշումը», նշեց Լիցզիան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2020, 10:14