Արհ Գէորգ Եպս Ասատուրեան Արհ Գէորգ Եպս Ասատուրեան 

Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի հարցազրոյցը Ասպարէզին հետ։

ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հակառակ ամէն ինչի, մենք կը հաւատանք Աստուծոյ նախախնամութեան, կը սպասենք, որ ամէն օր մէկը գտնուի՝ այս ընտանիքներուն կարիքներուն համար գումար յատկացնելու պատրաստակամ։ Ասոր դիմաց նախ կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմութիւնը, Աստուած ողորմած է, կ՛օգնէ։

Լիբանանահայութեան ապրած ներկայի մարտահրաւէրներուն եւ անոր նեցուկ կանգնելու կարեւորութեան անդրադառնալու նպատակով, «Ասպարէզ»ը հետեւեալ հարցազրոյց մը ունեցաւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի հետ, որ շեշտելով հանդերձ հաւատքի ու յոյսի առկայութիւնը՝ դիտել տուաւ, թէ կացութիւնը ծանր է, իսկ ապագան՝ անորոշ։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մարտահրաւէրները եւ դժուարութիւնները մնայուն ուղեկից եղած են լիբանանահայութեան, սակայն այս օրերուն, աւելի ճիշդ նախորդ տարուան աւարտին եւ այս տարի եւս նկատելի է, որ լիբանանահայութեան վիճակը սկսաւ մտահոգիչ եւ տագնապալի դառնալ։ Դուք, որ մնայուն կապի մէջ էք հայորդիներու հետ, ինչպէ՞ս կը տեսնէք վիճակը։

ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Լիբանանահայութիւնը տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուած է եւ տակաւին կը գտնուի այսօր։ Վերջին 30-40 տարիներուն գաղութը տարբեր պայքարներ մղեց, երբեմն դիւրութեամբ, այլ պարագայի դժուարութեամբ կրցաւ դիմագրաւել այդ բոլորը եւ ոտքի կանգնիլ կրկին։ Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հայութիւնը օրինակելի դեր խաղաց, նոյնիսկ օտարները կը հիանան մեր կեցուածքին, որ ինչպէս մենք միացած ենք եւ համայնքը՝ իբրեւ կուսակցութիւններ, միութիւններ բոլորն ալ կ՛աշխատին գաղութի զաւակներուն համար։

Բայց տարբեր էր նախորդ տարուան ամրան սկսած տնտեսական ծանր տագնապը, սղութիւնը, անգործութիւնը, հիւանդութիւնները եւ այլն, իսկ մենք փորձեցինք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ դարման տալ մեր հայորդիներուն հարցերուն։ Հոկտեմբերին այս վիճակը աւելի ծանրացաւ, անգործութիւնը աւելի շեշտուեցաւ, իսկ այս տարի «Քորոնա» ժահրին ստեղծած համաճարակի լոյսին տակ, աւելի վատթարացաւ կացութիւնը։ Բազմացած են իրենց առօրեայ ծախսերու եւ ուտելիքի կարիք ունեցողները, իսկ մեր պարտաւորութիւնն է օգնել մեր հայ եղբօր՝ շարունակելու իր կեանքը ու պատուով ապրելու։

Ասոր կողքին, մեր ամէնէն դժուար պայքարներէն է դպրոցներու հարցը. Հայաստանէն ետք Լիբանանն է հայութեան, հայկականութեան, հայրենասիրութեան, հայեցի դաստիարակութեան հիմնական օրրանը, իսկ մենք՝ լիբանանահայերս այս պարտականութիւնը առինք մեր ուսերուն, երկրորդ Հայաստանի դերակատարութիւնը ունեցանք, եւ այդ առաջադրանքով ալ մեր կուսակցութիւնները, մեր դպրոցները, թերթերը, յարանուանութիւնները միասնաբար գործեցինք ու կը գործենք։ Ներկայիս կաթողիկէ եկեղեցւոյ միաբանութիւններուն (թէ՛ մայրապետներուն եւ թէ հայրապետներուն) դպրոցները վտանգի մէջ են, ես ինքս անդամ եմ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու եւ կաթողիկոսներու միութեան խորհուրդին, ամիսը 1-2 անգամ ժողով կը գումարենք եւ կը սերտենք մեր դժուարութիւնները։ Դժբախտաբար, շատ մը միաբանութիւններ եւ եպիսկոպոսներ որոշած են իրենց դպրոցներուն դռները փակել, որովհետեւ կարելիութիւնը չունին հոգալու ուսուցիչներուն թոշակները։ Տամ օրինակը դպրոցի մը, որուն ամսական վճարումները կը հասնին մինչեւ 120 հազար տոլարի, իսկ Հոկտեմբերէն մինչեւ այսօր աշակերտներուն կրթաթոշակներէն վճարուած գումարը չհասաւ հարիւր միլիոնի, որ 1500 տոլարի փոխարժէքով համազօր է 65-66 հազար տոլարի։ Այս կը նշանակէ, որ նոյնիսկ մէկ ամսուան վճարումները կարելի չէ եղած ապահովել այս ամիսներուն։

Հարցը լուրջ է. մենք ինչպէ՞ս պիտի շարունակենք, ուսուցիչը իրաւունք ունի իր ամսականը ստանալու, որովհետեւ ինք համաձայնութիւն գոյացուցած է դպրոցին հետ, եւ այդ գումարով է, որ ինք եւ ընտանիքը պիտի ապրին, սակայն միւս կողմէ դպրոցը ինչպէ՞ս պիտի ապահովէ այդ գումարները, երբ ծնողները անկարող են իրենց վճարումները կատարելու, որովհետեւ անոնք հազիւ կրնան օրուան հացը եւ տարրական պէտքերը ճարել։ Ըսեմ նաեւ, որ կաթողիկէ համայնքին օժանդակութիւններ ալ կու գան Վատիկանէն եւ այլ կաթողիկէ հաստատութիւններէ, սակայն «Քորոնա» ժահրին ստեղծած համաշխարհային տագնապին պատճառով, բոլորին աղբիւրներն ալ չորցած են այսօր, չեն կրնար օժանդակութեան ձեռք երկարել ուրիշներու, որովհետեւ իրենք ալ տագնապի մէջ են։ Հոս ինքզինք կը պարտադրէ հարցում մը՝ մենք ինչպէ՞ս պիտի շարունակենք։ Նոյնիսկ եթէ մինչեւ նախորդ ամիսները ձեւով մը կարելի եղաւ գոյացնել ուսուցիչներուն վճարումները, ասկէ ետք, յառաջիկային ի՞նչ պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ ամրան եւս ուսուցիչներուն ամսական կը տրուի։ Այս գումարը ինչպէ՞ս պիտի ապահովուի։

Մենք՝ իբրեւ հայեր, պիտի չընդունինք երբեք, որ մեր հայ աշակերտը օտար կամ կառավարական դպրոց յաճախէ, որովհետեւ այդպիսով ձուլումի սկիզբ կը դրուի արդէն։ Հոս հարց կայ Սերունդի կազմաւորման, որուն մէջ բոլորս ալ պարտականութիւն ունինք կատարելիք։ Այսօր ունինք շուրջ 5-6 հազար հայ աշակերտներ հայկական դպրոցներուն մէջ. ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոնց ճակատագիրը. անոնք են մեր ապագան, ուստի պէտք է լրջօրէն մօտենալ այս հարցին։

Այս բոլորին կողքին կայ հետզհետէ աւելցող ու տարածուող աղքատութիւնը. ես անձնապէս, ամէն օր ինքնաշարժիս մէջ ուտեստեղէն կը դնեմ եւ կ՛երթամ կը շրջիմ այն ընտանիքներուն, որոնք իսկապէս աղքատ են, հացի կարօտ են, սակայն մինչեւ ե՞րբ կրնամ այսպէս շարունակել։ Հարցը այն է, որ կարօտեալ պարագաները օրէ օր կ՛աւելնան, չակնկալած մարդոց կողմէ դիմումներ կը կատարուին, այն մարդոցմէ, որոնք ժամանակին կ՛օժանդակէին, այսօր օժանդակութեան կարիք ունին, այս իրականութիւնը կը վախցնէ, պատկերը շատ մութ է։ Ամէն շաբաթ գրեթէ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ ուտեստեղէն կը բաժնեմ աղքատ ընտանիքներուն, սակայն եթէ օգնական չունենամ, չեմ կրնար շարունակել այս ընթացքը։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այս բոլորը յուսահատութեան կը տանին, իսկ ի՞նչն է այս կացութեան մէջ դրականի առաջնորդողը։

 ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ.-  Հակառակ ամէն ինչի, մենք կը հաւատանք Աստուծոյ նախախնամութեան, կը սպասենք, որ ամէն օր մէկը գտնուի՝ այս ընտանիքներուն կարիքներուն համար գումար յատկացնելու պատրաստակամ։ Ասոր դիմաց նախ կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմութիւնը, Աստուած ողորմած է, կ՛օգնէ։

«Քորոնա»ն թէեւ որոշ յուսահատական ու անորոշ մթնոլորտ մը ստեղծեց, սակայն ես՝ իբրեւ կղերական, հոգեւորական կ՛ըսեմ, որ Աստուած միշտ մեր դիմաց դռներ կը բանայ, իսկ այդ դռներուն ետին յոյս կայ, ուրախութիւն կայ։ Այս է մեր առաքելութիւնը. Իբրեւ հոգեւորական՝ մենք կոչուած ենք յոյս տալու մեր ժողովուրդին, սակայն ասիկա չի չէզոքացներ այն վախը, որ կայ մէջս, նաեւ այն յուսահատութիւնը, որուն կը մօտենանք երբեմն, եւ որ, քաջաբար կ՛ըսեմ, զիս երբեմն կը մղէ լալու։ Գիշերը երբ առանձինս կը մտածեմ, կարգ մը հարցեր կը դնեմ դիմացս, ուղղակի կու լամ, մանաւանդ որ միշտ ալ լուծումներ եւ պատասխաններ չեմ գտներ այդ բազում խնդիրներուն, կու լամ իմ ժողովուրդիս եւ անոր դառն ճակատագիրին համար, միշտ հարց կու տամ՝ ո՞ւր կ՛երթանք, ո՞ւր կրնանք հասնիլ։ Բայց եւ այնպէս տակաւին ունինք հաւատքը եւ յոյսը, որոնց վառ մնալուն համար միշտ կ՛աղօթենք Աստուծոյ։

Այս բոլոր մարտահրաւէրները նոր կացութեան դէմ յանդիման կը դնեն մեզ՝ հաւաքաբար, նաեւ երբեմն կը մղեն ըսելու, որ պատերազմի օրերուն կացութիւնը աւելի տանելի էր, որովհետեւ աշխատանք կար, մարդիկ գործ ունէին։ Լիբանանահայուն կողքին, տակաւին կան Լիբանան ապաստանած մեր սուրիահայ հայրենակիցներուն հարցերը եւ դժուարութիւնները, որոնց լուծումը մեզմէ կ՛ակնկալուի։

Կը հաւատանք, որ դժուար օրերուն լոյս սփռող մարդիկ պիտի գտնուին, անոնք ձեռք պիտի երկարեն գաղութին անպայման։

 «ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ է ձեր կոչը մեր սփիւռքահայ եղբայրներուն, յատկապէս անոնց, որոնք Լիբանանէն ծլած՝ գացած են տարբեր գաղութներ ծաղկեցնելու։

 ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Լաւապէս գիտեմ, որ դուրսի մեր հայորդիները մեծահարուստ չեն անպայման, նաեւ գիտեմ, որ իրենց եղբօրը մասին մտածողը եւ օգնողները մեծահարուստները չեն անպայման, այլ միջին մակարդակի վրայ գտնուողները, որոնք նաեւ այսօր դժուարութեան մէջ են։ Բայց կայ այն, որ արտերկրի մէջ պետական օրէնքները կ՛օգնեն քաղաքացիներուն, սակայն Լիբանանի մէջ պետական համակարգը այնպէս մըն է, որ ոչ ոք կու տայ եւ ձեռք կ՛երկարէ. գաղութը ձգուած է իր ճակատագիրին։ Լիբանանի մէջ տիրող գողութեան եւ փտածութեան մթնոլորտը աւելի կը վատթարացնէ կացութիւնը։

Կը հաւատանք այն հրաշքին, որ մեր այս նեղ օրերուն բարի մարդիկ, մեր կացութեան ծանրութիւնը զգացող անձեր մեզի օգտակար պիտի ըլլան, որպէսզի մենք երբեք ծունկի չգանք, պայքարինք, օգտակար ըլլանք բոլորին, որպէսզի հայ մարդը պատիւով ապրի, որովհետեւ մարդ երբ ծնաւ, չծնաւ, որպէսզի գերի ապրի, այլ իբրեւ իսկական մարդ ապրի ու գոյատեւէ։ Մենք պիտի շարունակենք օգնել, բայց մարտահրաւէրները բազում են եւ օրէ օր կ՛աւելնան, ուրեմն մեր հայորդիներուն մեծ թէ փոքր նեցուկը կարեւոր է այսօր, որպէսզի մեր կարգին գետնի վրայ շարունակենք մեր առաքելութիւնը՝ կարիքաւորին, անգործին, ծերունիին եւ ընկերային-տնտեսական տագնապներ դիմագրաւող հայորդիներուն կողքին ըլլալու եւ անոնց բեռը թեթեւցնելու։ Աստուած անպայման պիտի հատուցէ իր եղբօր օգնողին։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2020, 08:54