Որոնել

Կարմիր Խաչի կամաւոր Կարմիր Խաչի կամաւոր 

«Կարմիր Խաչի միջազգային օր» նուիրուած 14 միլիոն կամաւորներու։

Կազմակերպութեան սկզբունքներն են մարդկայնութիւն, անկողմնակալութիւն, չէզոքութիւն, անկախութիւն, կամաւորութիւն, միասնութիւն և համընդհանրութիւն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Keep clapping – շարունակէ ծափահարել» այս է 2020ի Կարմիր Խաչի նուիրուած միջազգային օրուան ընտրուած կարգախօսը։

150 տարիներէ ի վեր սպիտակ յատակի վրայ կարմիր խաչը համայն աշխարհի մէջ ճանչցուած նշանն է բոլոր ազգութիւններէ բաղկացած այն առողջապահական գործիչներուն որոնք պատերազմի, աղէտներու ու տագնապներու ընթացքին, օգնութեան կը հասնին ու իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեց դժուարութեան  մէջ գտնուողներուն, ամենայն անկախութեամբ, չէզոք դիրքով եւ առանց խտրականութեան։ Այսօր եւս համաճարակի օրերուն Կարմիր Խաչի կամաւորները մեծ նուիրուածութեամբ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ 

8 մայիսը  Կարմիր Խաչին նուիրուած միջազգային օր ընտրուած է որովհետեւ  Կարմիր Խաչի հիմնադիր՝ Հէնրի Տիւնանի ծննդեան օրն է։ Կազմակերպութեան սկզբունքներն են մարդկայնութիւն, անկողմնակալութիւն, չէզոքութիւն, անկախութիւն, կամաւորութիւն, միասնութիւն և համընդհանրութիւն:

Կարմիր Խաչի կազմակերպութիւնը ներկայ է 192 երկիրներու մէջ եւ ունի աւելի քան 14 միլիոն կամաւորներ ,եւ տեղական 160 կոմիտէներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2020, 09:23