«Հին Գիւմրի»-ն նամականիշ «Հին Գիւմրի»-ն նամականիշ 

«Հին Գիւմրի»-ն նամականիշերու «Եւրոպա» ամենամեայ մրցոյթին ներկայացուած է։

Այս տարի Հայաստանը կը մասնակցի փոստային նամականիշով, ուր պատկերուած է հին Գիւմրին

«Հին Գիւմրի» նամականիշը ներկայացուած է «Հնագոյն փոստային երթուղիներ» թեմայով նամականիշերու «Եւրոպա» ամենամեայ մրցոյթին, որ արդէն սկսած է:

Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի տեղեկատւութեան բաժինէն։

Այս տարի Հայաստանը կը մասնակցի փոստային նամականիշով, ուր պատկերուած է հին Գիւմրին, որ իր բազմաթիւ երթուղիներով 19-րդ դարուն կը հանդիսանար Հայաստանի առաջին մշակութային եւ քաղաքական կեդրոնը: Նամականիշի ձեւաւորման հեղինակն է «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի ձեւաւորող Դաւիթ Տովլաթեան: 

«Հին Գիւմրի» նամականիշի օգտին քուէարկելու համար անհրաժեշտ է այցելել մրցոյթի կայք: Քուէարկութիւնը պիտի իրականացուի մինչեւ այս տարուան Սեպտեմբեր 9:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2020, 09:00