Որոնել

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկ 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը 30,000 տոլարի մարդասիրական օգնութիւն կը յատկացնէ Լիբանանահայութեան

Այս նուիրատուութիւնը համահունչ է լիբանանահայ կրթական ոլորտին մէջ հիմնարկութեան նախաձեռնած աշխատանքներուն:

ԼԻԶՊՈՆ․- «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 30,000 ամերիկեան տոլար յատկացուց ընկերային ծառայութիւններ մատուցող լիբանանահայ երեք կազմակերպութիւններու՝ երկրին ծանր տնտեսական պայմանները եւ «Քովիտ 19»ին ստեղծած բժշկական տագնապը յաղթահարելու համար, անոնց նախաձեռնած մարդասիրական աշխատանքները քաջալերելու նպատակով:

10,000ական տոլարի օժանդակութիւն ստացած երեք կազմակերպութիւններն են.

– Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը (ԼՕԽ)

– Հայ Կրթական Բարեսիրական կազմակերպութիւնը (ՀԿԲՄ)

– «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը:

Տրամադրուելիք նպաստները պիտի օգնեն այս կազմակերպութիւններուն շարունակելու լիբանանահայ գաղութի կարիքաւորներուն՝ ուտելիքի, դեղորայքի եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցելու՝ իրենց նախաձեռնած աշխատանքները:

Այս նուիրատուութիւնը համահունչ է լիբանանահայ կրթական ոլորտին մէջ հիմնարկութեան նախաձեռնած աշխատանքներուն:  Հոսկէ մեկնելով, Դեկտեմբեր 2019ին եւ Յունուար 2020ին, հիմնարկութիւնը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած էր Լիբանանի մէջ գործող 18 հայկական վարժարաններուն: Մարդասիրական այս օգնութիւնը կ’ամբողջացնէ «Քովիտ-19»ին վերաբերող բժշկական սարքեր ապահովելու նպատակով Հայաստանին ղրկուած օժանդակութիւնը:

Հայկական բաժանմունքին կողմէ կատարուած այս նուիրատուութիւնը մաս կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան «Քովիտ-19»ին վերաբերող ընդարձակ ծրագիրներուն:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2020, 10:20