Քովիտ19 ժահրը Քովիտ19 ժահրը 

Աշխարհը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի առաջին ալիքի երկրորդ գագաթնակէտի վտանգ կը դիմագրաւէ.

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան զգուշացումները։

Աշխարհ կը գտնուի «ՔՈՎԻՏ-19»-ի` «Քորոնա» ժահրի առաջին ալիքի մէջտեղը, կայ հիւանդութեան երկրորդ գագաթնակէտին հասնելու վտանգ, սակայն ոչ երկրորդ ալիքի: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ բուժման ծրագիրներու ղեկավար Մայքըլ Ռայըն:

Ունկնդրէ լուրը

«Իւրաքանչիւր երկրի մէջ վարակուած մարդոց իսկական թիւը տակաւին յարաբերականօրէն ցած է: Եւ երբ կը խօսինք հիւանդութեան երկրորդ ալիքի մասին դասական իմաստով, միշտ նկատի ունինք, որ առաջին ալիքը արդէն ինքնաբերաբար կը նուազի, այնուհետեւ ամիսներ ետք կը սկսի հիւանդութեան երկրորդ ալիքը», նշած է պաշտօնատարը:

Անոր համաձայն, ատիկա կրնայ իրական ըլլալ այսօր որոշ երկիրներու համար, սակայն համաշխարհային տարողութեամբ առաջին ալիքը տակաւին չէ աւարտած:

«Մենք պէտք է հասկնանք, որ հիւանդութիւնը կրնայ որեւէ պահու նոր թափ ստանալ: Այժմ չենք կրնար եզրակացնել, որ եթէ հիւանդութենէն վարակումներուն թիւը ներկայ պահուն նուազի, ապա մենք քանի մը ամիս պիտի ունենանք յաջորդ ալիքին պատրաստուելու համար: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք զայն ընդունելու», աւելցուցած է Ռայըն:

Մինչ այդ, Պրազիլը վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուած մահուան թիւերով շրջանցեց Միացեալ Նահանգները: Պրազիլի մէջ մահուան 807 պարագայ արձանագրուեցաւ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւը 620 է: Պրազիլի մէջ վարակուածներուն թիւը 353.427 է:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2020, 10:32