Միլանոյի մէջ դիմակներով ծածկուած քաղաքացիներ։ Միլանոյի մէջ դիմակներով ծածկուած քաղաքացիներ։ 

Եւրոպան ընդհանուր մեկուսացումէն դուրս կու գայ հանգրուանական կերպով։

Իտալիոյ մէջ այսօր արտօնուեցաւ խանութները բանալ եւ ընտանիքներու այցելութիւններ կատարել։

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով ամէնէն շատ զոհեր ունեցած ցամաքամասը` Եւրոպան, կը շարունակէ ընդհանուր մեկուսացումէն դուրս գալը, սակայն այդ մէկը կը կատարէ հանգրուանական կերպով` զգուշանալով համաճարակի երկրորդ ալիքէ մը: Կը նախատեսուի, որ 15 եւրոպական երկիրներ այս շաբաթասկիզբին յաւելեալ արգելքներ վերցնեն:

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ մէջ այսօր պիտի արտօնուի խանութները բանալ եւ ընտանեկան այցելութիւններ կատարել, ինչպէս նաեւ սահմանափակ թիւով անձերու հաւաք կատարել:

Ֆրանսայի մէջ շաբաթ օր մէկ օրուան ընթացքին 166 մահերու արձանագրումէն ետք, կառավարութիւնը որոշեց 24 մարտէն հաստատուած առողջապահական արտակարգ դրութիւնը երկարաձգել մինչեւ 24 յուլիս` նշելով, որ գործող դրութեան ջնջումը «կանխահաս» պիտի ըլլայ:

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը վերջ պիտի տայ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք հաստատուած համաշխարհային համակարգին, ինչպէս նաեւ միջազգային բեմի վրայ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան:

Ֆրանսական օրաթերթին համաձայն, այդ փոփոխութիւններուն գլխաւոր ցուցանիշներն են  Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ապաւինիլը Չինաստանին, որ սկսած է ներկայ համաշխարհային համակարգի կայունութեան քայքայման մէջ գլխաւոր դեր կատարել:

Օրաթերթը կը գրէ, որ մինչ Միացեալ Նահանգներու` աշխարհի ղեկավարի դերը կատարելու կարողութիւնը վերջին տարիներուն հետզհետէ կը նահանջէր, ներկայ տագնապը զանոնք առաւել եւս տկարացուց եւ վերածեց ժահրէն ամէնէն շատ վնասուած երկրին, ինչպէս նաեւ ամերիկացիները վերջապէս ստիպեց հրաժարելու ղեկավարի դերը ունենալու այդ պնդումէն:

«Լը Մոնտ» նաեւ ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրը վտանգաւոր հարուած մը հասցուց միութեան` Եւրոպային, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցն էր: Եւրոպան չկարողացաւ աջակցիլ ժահրէն ամէնէն շատ վտանգուած իր երկիրներուն, ինչպէս` Իտալիոյ:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2020, 07:59