Որոնել

Դիմակներ կրած տարեցներ Դիմակներ կրած տարեցներ 

«Առանց տարեցներուն չկայ ապագայ։» «Սան Էճիտիոյ» հասարակութեան կոչը։

Անհրաժեշտ է վերահաստատել հաւասար վերաբերմունքի սկզբունքները եւ խնամքի համընդհանուր իրաւունքը առանց հաշուի առնելու տարեցներու ապրելիք կեանքի ժամանակը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես համաճարակի առողջապահական տագնապին, Հռոմի մէջ գտնուող «Սան Էճիտիոյ» մարդասիրական կազմակերպութիւնը կոչ մը յղած է  որուն մէջ ընդգծած է ընկերութենէն ներս  տարեցներուն ներկայութեան հրամայականը։

Ունկնդրէ լուրը

Սան Էճիտիոյ հասարակութեան «Առանց տարեցներու չկայ ապագայ, կոչ մեր ընկերութիւնները վերստին մարդկայնացնելու համար» կոչին մէջ  նշուած  է, որ  աշխարհի մէջ  անհրաժեշտ է վերահաստատել  հաւասար վերաբերմունքի սկզբունքները եւ խնամքի համընդհանուր իրաւունքը առանց հաշուի առնելու տարեցներուն կեանքի մնացած ժամանակը։ 

Իտալիոյ հանրապետութեան թուայնացումի եւ նորարարութեան նախարարուհի Փաուլա Փիզանօ, հեռաձայնային կապով  մը իր գնահատանքը յայտնած է Սան Էճիտիոյ հասարակութեան  նախագահ Տիար Անտրէա Ռիքարտիին, սոյն կոչին համար, ապա երկու կողմերը համաձայնած են համագործակցելու՝ նուազեցնելու համար տարեցներու մենակեալ կեանքը՝համաճարակի ինքնամեկուսացման դժուար օրերուն, ապա  Իտալիոյ Նախարարը մաղթած է, որ քաղաքացիական ընկերութեան եւ պետական հաստատութիւններու միջեւ հաստատուի գործակցութիւն՝  տարեցներուն սպասումներու ու կարիքներու դէմ յանդիման գալու ծիրէն ներս։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2020, 09:54