ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերրես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերրես 

«Քորոնա»-ն օտարներու նկատմամբ ատելութեան ջրհեղեղ պատճառեց», ըսաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը։

Կութերրեսի համաձայն` գաղթականներ ու տեղահանուածներ «վատաբանուած են իբրեւ ժահրին աղբիւրը, ապա զրկուած են բժշկական դարմանումէ»:
Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յայտնեց. «Քորոնա»-ն կը շարունակէ օտարներուն նկատմամբ ատելութեան եւ այլամերժութեան զգացումներու, զանոնք քաւութեան նոխազ դարձնելու եւ խուճապի ջրհեղեղ մը պատճառել»:

«Օտարներու դէմ զգացումի ալիք բարձրացած է առցանց եւ փողոցներուն մէջ: Հակասեմական դաւադրութեան տեսութիւններ տարածուած են, եւ իսլամներու դէմ «Քորոնա»-ին առնչուած յարձակումներ գործուած են», աւելցուց ան:

Կութիերեսի համաձայն` գաղթականներ ու տեղահանուածներ «վատաբանուած են իբրեւ ժահրին աղբիւրը, ապա զրկուած են բժշկական դարմանումէ»:

Մինչ այդ «նուաստալի ծաղրանկարներ երեւան եկած են, ըստ որոնց, տարեցները, որոնք ժահրէն ամէնէն շատ խոցելին են, «նաեւ` ամէնէն զոհաբերուելիքը», ըսաւ ան:

Աւելի՛ն, «լրագրողներ, քննադատներ, առողջապահութեան փորձագէտներ, մարդասիրական աշխատանք տանողներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ թիրախներու կը վերածուին պարզապէս իրենց պաշտօնը կատարելնուն համար», նշեց Կութիերես:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց «համատարած ջանք ի գործ դնելու աշխարհի տարածքին ատելութեան խօսքին վերջ տալու համար»:

Կութիերես նաեւ լրատուամիջոցներուն, մասնաւորաբար ընկերային ցանցի ընկերութիւններուն, կոչ ուղղեց` ցեղապաշտական եւ այլ վնասակար գրութիւնները վերցնելու:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2020, 08:04