Փերույի մէջ աղքատ մանուկներէ առնուած լուսանկար Փերույի մէջ աղքատ մանուկներէ առնուած լուսանկար 

«Սովի դէմ գործողութիւն» կազմակերպութեան յայտարարութիւնը։ Լատին Ամերիկայի երկիրները կ՝ապրին դարու ամենէն ծանր տագնապը։

Աշխարհին մէջ կան աւելի քան 29 միլիոն նոր աղքատներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լատին Ամերիկեան երկիրները աւելի շատ կը վախնան քան նոյնինքն Քորոնա ժահրէն յառաջացած աղքատութեան հետեւանքներէն։ Այս մասին յայտնած ու ընդգծած է «Սովի դէմ գործողութիւն» մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որ 40 տարիներէ ի վեր ներկայ է աշխարհի աւելի քան 50 երկիրներուն մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Նշեալ կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն աշխարհի մէջ կան 29 միլիոն նոր աղքատներ։

Լատին Ամերիկայի մէջ նախ քան համաճարակի տարածումը, ամէն երեք անձի միջեւ մէկ անձ կ՝ապրէր սննդառական անապահով պայմաններու մէջ։ Այժմ համաճարակի առողջապահական տագնապի եւ անգործութեան պատճառով տարածաշրջանի Լատին Ամերիկեան երկիրները կը գտնուին դարուն ամենէն ծանր տագնապին մէջ։  Նշուած է «սովի դէմ գործողութիւն» մարդասիրական կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ, աւելցնելով, թէ  կազմակերպութիւնը, տարածաշրջանին մէջ աշխուժացուցած  է կերակուր եւ մաքրութեան ապրանքներ բաշխելու գործողութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2020, 09:11