Արտակարգ Դրութիւնը Հայաստանի մէջ երկարաձգուեցաւ մինչեւ Յունիս 13 Արտակարգ Դրութիւնը Հայաստանի մէջ երկարաձգուեցաւ մինչեւ Յունիս 13 

Արտակարգ Դրութիւնը Հայաստանի մէջ երկարաձգուեցաւ մինչեւ Յունիս 13

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ արտակարգ դրութեան երկարաձգումը անհրաժեշտութիւն է, սակայն Պարէտատան գործունէութեան եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, բնակավայր փակելու որոշումները կրնան իրագործուիլ միայն արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով Մարտ 16-էն յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է եւս 30 օրով` մինչեւ Յունիս 13-ը` ժամը 17:00-ն ներառեալ:

Կառավարութիւնը հաստատած է Արտակարգ դրութիւնը երկարաձգելու մասին որոշումը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ արտակարգ դրութեան երկարաձգումը անհրաժեշտութիւն է, սակայն Պարէտատան գործունէութեան եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, բնակավայր փակելու որոշումները կրնան իրագործուիլ միայն արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ:

Փաշինեան ըսած է, որ 1500-էն աւելի հիւանդանոցային բուժում ստացող ունենալու պարագային կրկին սահմանափակումներու պիտի երթայ Կառավարութիւնը: Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան յայտարարած է, որ սահմանափակումները կրնան նաեւ պայմանով կիրառուիլ, ինչպէս օրինակ` որոշ վայրերու մէջ կրնայ պարտադիր դառնալ դիմակներ կրելը:

Հայաստանի մէջ Մարտ 16-էն արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է, անիկա երկարաձգուած էր մինչեւ Մայիս 14: Հայաստանի մէջ Մայիս 14-ի դրութեամբ  «Քորոնա» ժահրով վարակուած դէպքերը հասած են 3860-ի, մահերու թիւը՝ 49-ի , առողջացներունը 1572-ի։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2020, 10:44