Պիոս ԺԲ Քահանայապետը Պիոս ԺԲ Քահանայապետը 

Բ համաշխարհային պատերազմի աւարտին 75 ամեակը եւ Պիոս ԺԲ Քահանայապետին պատգամը։

9 մայիս 1945-ին Պիոս ԺԲ Քահանայապետը՝ պատերազմի աւարտին ի լուր, Ռատիոյի միջոցաւ աշխարհին ուղղեց պատգամ մը՝ մաղթանք յայտնելով որ գերեզմաններէն ծագին նոր եւ աւելի լաւ Եւրոպայի մը կերողները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

75 տարիներ անցան Նացիական Գերմանիայի յանձնումէն ու Եւրոպայի մէջ համաշխարհային Բ պատերազմի աւարտէն։

Այդ պատերազմի աւարտին պաշտօնական փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ 8 մայիսի գիշերը՝ Պեռլինի մէջ, վերջ տալով Ի դարու ամենէ ողբալի էջերէն մէկուն, որ պատճառեց աւելի քան 50 միլիոն մարդկային կորուստ։  Այդ օր՝ բազմաթիւ երկիրներու մէջ այդ լուրը ընկալուեցաւ եկեղեցիներու զանգակներու ղօղանջումներով ու մարդոց՝ հրապարակներու վրայ ուրախութեան եւ հրճուանքի ցոյցերով։

9 մայիս 1945-ին Պիոս ԺԲ Քահանայապետը՝ պատերազմի աւարտին ի լուր, ռատիոյի միջոցաւ աշխարհին ուղղեց պատգամ մը՝  մաղթանք յայտնելով  որ գերեզմաններէն ծագին նոր եւ աւելի լաւ Եւրոպայի մը կերտողները։

«Կը թուի որ պատերազմի զոհերը կը նախազգուշացնեն այդ ահռելի աղէտին վերապրածները ըսելով.  Մեր ոսկորներէն ու երկրի գերեզմաններէն թող ծագին աւելի լաւ Եւրոպայի մը  ճարտարապետներն ու կերտիչները, աւելի լաւ ու նոր տիեզերք մը, որ հիմնուած ըլլայ որդիական Աստուածավախութեան վրայ, Անոր սուրբ պատուիրաններու հաւատարմութեան վրայ, մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի վրայ, եւ մեծ կամ փոքրիկ, տկար կամ հզօր, բոլոր ազգերու ու պետութիւններու հաւասարութեան սուրբ սկզբունքին վրայ» ըսած էր, ի մէջ այլոց, այդ օր պատգամին մէջ Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2020, 10:53