Նկարչական մրցոյթ Նկարչական մրցոյթ 

ԻՒՆԵՍՔՕ-ն 6-12 տարեկան երեխաները նկարչական մրցոյթի մասնակցելու կը հրաւիրէ։

Մինչեւ 17 Մայիս երեխաները պէտք է գծեն ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած մշակութային որեւէ վայր, որ անոնց համար կարեւոր է

«ԵրկիրՄետիա».- Հայաստանի ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովը յայտարարած է, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն 6-12 տարեկան երեխաները կը  հրաւիրէ մասնակցելու նկարչական մրցումի:

Մինչեւ 17 Մայիս երեխաները պէտք է գծեն ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած  մշակութային որեւէ վայր, որ անոնց համար կարեւոր է: Երեխաները կրնան գծել Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած ոչ միա՛յն իրենց երկրի, այլ նաեւ այլ երկրի մշակութային վայրեր: ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կայքէջին մէջ ուսումնասիրութեան համար հասանելի են համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած մշակութային վայրերը:

Մրցոյթին մասնակցած եւ  քանի մը չափանիշներով (ստեղծագործական մօտեցում, նորարարութիւն, բազմազանութիւն) ընտրուած նկարներու հաւաքածուն պիտի ցուցադրուի ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կայքէջին վրայ:

Նկարները կրնան հրապարակուիլ մասնակիցի ծնողքին կամ խնամակալին համաձայնութեամբ եւ պէտք է տարածուին վերջիններուս Instagram-ի էջին միջոցով` մասնակցող երեխայի անունով: Հրապարկումներու հասանելիութիւնը պէտք է ըլլայ «հանրային» (Public), որպէսզի անոնք տեսանելի ըլլան ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համար:

Ինչպէս մասնակցիլ.

1 – Հետեւել («Follow») ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Instagram-եան էջին,

2 – Հաւնիլ («Like») ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Փոքրիկ նկարիչներու ցուցահանդէսի մասին գրառումը,

3 – Instagram-ով հրապարակել մշակութային վայրին նկարը եւ կարճ նկարագիրը ներառելով նկարիչի անունը, տարիքը եւ երկիրը օգտագործելով #ShareOurHeritage հեշթեկը եւ նշելով @unesco էջը:

4 – Instagram-ի պատմութիւն (Instagram story) բաժինով բաժնեկցիլ ԻՒՆԵՍԿՔՕ-ի Փոքրիկ նկարիչներու ցուցահանդէսի մասին գրառումը` #ShareOurHeritage հեշթեկով եւ նշել @unesco էջը:

Քաղուած «Գանձասար» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2020, 08:33