Նախագահ Բակօ Սահակեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 

Նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց:

Քորոնա»-ի տարածման կանխարգիլման եւ համաճարակի սպառնալիքէն բնակչութիւնը պաշտպանելու նպատակով Արցախի Հանրապետութեան մէջ մինչեւ 12 մայիս արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է:

Կիրակի, 12 ապրիլին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախագահեց «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման աշխատանքները համակարգող միջնախարարական յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստին, որուն ներկայ էին հանրապետութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններու ներկայացուցիչները:

Նախագահ Սահակեան ուղերձով դիմած է հանրապետութեան քաղաքացիներուն եւ տեղեկացուցած, որ ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, «Քորոնա»-ի տարածման կանխարգիլման եւ համաճարակի սպառնալիքէն բնակչութիւնը պաշտպանելու նպատակով Արցախի Հանրապետութեան մէջ մինչեւ 12 մայիս արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2020, 08:40