Թուրքիոյ Այտըն նահանգին մէջ 17րդ դարու հայկական գերեզմաններ գտնուած են
Ըստ Այտընի թանգարանի տնօրէնին՝ գերեզմանաքարերուն վրայ կան հայերէն գրութիւններ եւ կը կարծուի, որ անոնք 17րդ դարէն մնացած են։
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ արեւմտեան Այտըն նահանգի Նազիլլի շրջանին մէջ, զբօսայգիի մը կառուցման աշխատանքներուն ընթացքին, հայկական երկու գերեզմաններ յայտնաբերուած են: Տապանաքարերուն մասին տեղեկացուցած են Այտընի թանգարանի ղեկավարութիւնը եւ Նազիլլիի քաղաքային իշխանութիւնները:
Ըստ Այտընի թանգարանի տնօրէնին՝ գերեզմանաքարերուն վրայ կան հայերէն գրութիւններ եւ կը կարծուի, որ անոնք 17րդ դարէն մնացած են։
Այժմ տապանաքարերը զետեղուած են շրջանի Սիւմեր կոչուող զբօսայգիին մէջ:
Քաղուած «Ասպարէզ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
27/04/2020, 07:59