«Ոսկէ Ծիրան» Միջազգային Փառատօն «Ոսկէ Ծիրան» Միջազգային Փառատօն 

«Ոսկէ Ծիրան» Միջազգային Փառատօնը պիտի իրականացուի նոյեմբեր 1-8

Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ «Ոսկէ ծիրան»-ի խումբը այժմ նպատակայարմար համարած է փառատօնը իրականացնել այս տարուան Նոյեմբեր 1-8: Այլ տարբերակներ եւս կան, բայց առ այժմ հաստատուած է Նոյեմբեր 1-8 ժամկէտը:

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը, այս տարի, տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 1-8: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը տեղեկացաւ փառատօնի Facebook-ի պաշտօնական էջէն:

Ունկնդրէ լուրը

«Փառատօնի խումբը այս օրերուն ձեռնպահ մնաց հապշտապ յայտարարութիւններ ընելէն՝ կապուած Յուլիս 12-19 «Ոսկէ ծիրան»-ի իրականացման հետ, քանի որ թէ՛ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, թէ՛ իր բազմաթիւ հայաստանեան եւ օտարերկրեայ գործընկերներու, թէ՛ գործընկեր փառատօններու հետ կը քննարկուէին տարբեր սենարներ՝ առցանց փառատօնէն մինչեւ յետաձգում յաջորդ տարի»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ «Ոսկէ ծիրան»-ի խումբը այժմ նպատակայարմար համարած է փառատօնը իրականացնել այս տարուան Նոյեմբեր 1-8: Այլ տարբերակներ եւս կան, բայց առ այժմ հաստատուած է Նոյեմբեր 1-8 ժամկէտը:

«Յուսանք՝ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ: Այս անգամ մենք Յուլիսին չենք հանդիպիր, բայց յոյս ունինք, որ Նոյեմբերին պիտի իրականացնենք «Ոսկէ ծիրան» տօնը»,-կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2020, 07:09